Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւն

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւն

by MassisPost

Հոկտեմբեր 20-ի,  տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 19-րդ պատգամաւորական ժողովը:

Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս կայացած ժողովին  ներկայ էր եւ  բացման խօսքով  հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ  Սարաֆեան:

Կուսակցութեան   տարբեր մասնաճիւղերը  ներկայացնող պատուիրակները  միօրեայ ժողովի ընթացքին քննարկեցին  կուսակցական ներքին կազմակերպչական հարցերը եւ Կուսակցութեան հովանաւորութեան  տակ գործող կրթական, մշակութային, մարզական եւ երիտասարդական կազմակեպութիւններու գործունէութիւնը առաւել ընդլայնելու  եղանակները:

Ժողովը անդրադարձ կատարեց Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական նոր իրավիճակին` ողջունելով  իրականացուող դրական փոփոխութիւնները ու զօրակցութիւն յայտնելով թաւշեայ յեղափոխութեան դաւանած սկզբունքներուն:

Քաղաքական եւ ազգային տարբեր հարցերու շարքին քննարկուեցան համայնքէն ներս գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ  յատկապէս   Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմէն ներս տիրող  իրավիճակը:  Բոլոր հարցերու շուրջ առնուեցան համապատասխան որոշումներ եւ ընդունուեցան բանաձեւեր` որպէս ուղեցոյց յաջորդ երկու տարիներուն համար:

Ժողովի աւարտին փակ քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Կուսակցութեան նոր Վարիչ Մարմին հետեւեալ  կազմով.
Վազգէն Խոտանեան (Ատենապետ)
Գաբրիէլ Մոլոյեան (Փոխ ատենապետ)
Լենա Մանուկեան (Քարտուղար)
Տիրան Ճէրէճեան
Վարդան Քորողլեան
Կարինէ Տեփոյեան
Վահէ Աջապահեան
Միհրան Խաչատուրեան
Ռուբէն Մուղալեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment