Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Էրտողանի Յայտարարութիւնը «ծայրայեղ Ատելութեան Խօսք» Որակած է

Փաշինեանը Էրտողանի Յայտարարութիւնը «ծայրայեղ Ատելութեան Խօսք» Որակած է

by MassisPost

«Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայ բնակչութեանը, որը դատապարտուեց զանգուածային սպանդի ու մահուան երթերի, «հայ հրոսակներ ու նրանց աջակիցներ» անուանելը, 1,5 միլիոն մարդ սպանելն ու  դա «ամենաողջամիտ վարքագիծ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլեւ՝ մի ողջ ազգի սպանդի արդարացում»,- «Թուիթըրի» իր էջին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ արձագանգելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանին:

Էրտողանը Ապրիլ 24-ին  կայացած գիտաժողովի ժամանակ յայտարարած էր․ – «Աքսորն ու կոտորածը տարբեր երեւոյթներ են, Արեւելեան Անատոլիայի մէջ իսլամ բնակչութիւնը՝ կիներ, երեխաներ, ծերեր սպանած հայ աւազակախումբերուն եւ անոնց աջակիցներուն աքսորը այն ժամանակ ընդունուած ամենաողջամիտ որոշումն էր»:

Ի պատասխան Փաշինեանը «Թուիթըրի» մէջ նաեւ գրած է․ – «Նման բան յայտարարելը Ապրիլի 24-ին ոչ միայն հայ ժողովրդին, այլ նաեւ ողջ մարդկութեանը ուղղուած վիրաւորանք է, անձամբ Էրտողանի կողմից հնչեցուած ծայրայեղ ատելութեան խօսք: Աշխարհը պէտք է չլռի»: Հայաստանի ղեկավարը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է արձագանգել Թուրքիոյ նախագահի ատելութեան խօսքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment