Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մահացած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը

Մահացած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը

by MassisPost

85 տարեկանին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի դուստր՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը:

Այս մասին լուրը տարածած է Մանուկեան-Սիմոն հիմնադրամը:

«Մեծ մարդասէր, ստեղծագործ մտքի տէր, իր ժողովրդի նուիրեալ գործիչ եւ խիստ բնաւորութեան մէջ ազնուագոյն եւ գերզգայուն սրտի տէր անձնաւորութիւն մը, որ մեր ժողովրդի մէկ որոշ ժամանակշրջանի ամենայայտնի նուիրեալներէն եղած է: Ան եղաւ նաեւ Հայոց հայրենիքի աղետալի երկրաշարժէն տուժածներուն համահայկական օգնութեան գործի գլխաւոր նախաձեռնողներէն ու կազմակերպիչներէն, աւելին՝ խորհրդանիշներէն մէկը: Թիկունք կանգնեցաւ նորանկախ Հայաստանի կայացման, Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածնի հզօրացման, Հայաստանի մէջ կրթութեան գործին՝ առաջին հերթին Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադրման գործին»,- ըսուած է Հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:

Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն յատկապէս իր հօր՝ Ալեք Մանուկեանի մահուընէն ետք որոշ ժամանակ մը վարած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահի պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment