Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Բացառիկ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Թելեթոնը 8,138.986 Գոյացաւ Նուիրահաւաքէն

Բացառիկ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Թելեթոնը 8,138.986 Գոյացաւ Նուիրահաւաքէն

by MassisPost

Իր տեսակին մէջ անդրանիկ միջոցառում մըն էր, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի, Փետրուարի 17ին: Արդարեւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի Խնամակալ Մարմինը գեղեցիկ գաղափար մը յղացած էր կազմակերպելով հեռուստա-մարաթոն-թելեթոն մը, ի նպաստ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք պատմական եւ մեծարժէք ծրագրին:

Գաղութիս հայկական տասը գլխաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ, հինգ տարիներ առաջ, նախաձեռնուած այս ծրագիրը կը նպատակադրէ նպաստել Հայաստանի եւ հայութեան քարոզչութեան ու հայապահպանման վսեմ գործին: Ինչպէս նաեւ մեր աւելի քան երեք հազար տարուան մշակոյթն ու համաշխարհային հարուստ քաղաքակրթութիւնը ծանօթացնել այս երկրի ստուարաթիւ ու բազմազգի հասարակութեան:

Տեղւոյս հայկական զոյգ հեռուստակայաններէն վեց ժամ տեւող սոյն թելեթոնը, իր բարձրորակ եւ արհեստավարժ յայտագրով, լայն ընդունելութիւն գտաւ գաղութիս տարբեր խաւերու հայ հասարակութեան կողմէ: Ողջոյնի խօսքերով եւ սրտաբուխ նուիրատւութիւիններով հանդէս եկան ծանօթ անձնաւորութիւններ, բարերարներ, մտաւորակններ, դպրոցական վերին կարգերու հայ աշակերտներ, իրենց դրական զօրակցութիւնը յայտնելով սոյն պատմա-մշակութային մեծ ծրագրի իրագործումին համար:

Armenian-American-Museum-Leadership-with-Telethon-Committee-Members-Volunteers-Crew

Խանդավառ ելոյթով հանդէս եկաւ Լոս Անճելոսի Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան: Ան բարձր գնահատեց հայ-ամերիկեան թանգարանի մը նախաձեռնութիւնը եւ անոր արդիւնաւետութիւնը հայապահպանման եւ Հայրենիք սփիւռք կապերու առաւել սերտացման գծով: Այնուհետեւ Պր. Ա. Բայբուրդեան կարդաց Հայաստանի վարչապետ Ն. Վ. Նիկոլ Բաշինեանի ողջոյնի գրութիւնը, որով ինք եւս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր այս համագաղութային պատմական կառոյցին համար, յաջողութիւն մաղթելով կազմակերպիչներուն:

Իրենց սրտի խօսքերով եւ այս մեծ ծրագրի համար դրամահաւաքի սրտաբուխ կոչերով ելոյթներ ունեցան հայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդներն ու շրջանիս հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Աւարտին յայտարարուեցաւ եւ հեռուստակայանի այս ծրագրի կամաւոր աշխատողներու կողմէ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ վեց ժամուան ընթացքին կատարուած հանգանակութեան գոհացուցիչ արդիւնքը որ էր՝ 8, 138.986 տոլար: Այս առթիւ հայ Ամերիկեան թանգարանի խնամակալ մարմնի անդամ 10 կազմակերպութիւններու անունով շնորհակալական ելոյթներով հանդէս եկան համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Գերշ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան:

Վարձքը կատար սոյն գեղեցիկ եւ յաջող ծրագրի իրականացման բոլոր մասնակիցներուն:

«Կառուցենք միասին փոխանցենք ժառանգութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment