Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայերը Մեր Երկրին Մէջ Երբեք Ցեղասպանութեան Չեն Ենթարկուած ». Էրտողանը՝ Մաքրոնին

«Հայերը Մեր Երկրին Մէջ Երբեք Ցեղասպանութեան Չեն Ենթարկուած ». Էրտողանը՝ Մաքրոնին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին յայտարարութեան: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Էրտողանը Մաքրոնի յայտարարութեան գնահատական տուած է թրքական լրատուամիջոցի մը հետ զրոյցի ընթացքին

Նախ Թուրքիոյ նախագահը Ֆրանսան մեղադրած է 20-րդ դարուն ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ կոտորածներ իրականացնելու մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ Մաքրոնին խորհուրդ տուած է պատմութիւնը աւելի լաւ սերտելու։

«Մեր պատմութեան մէջ ցեղասպանութեան դէպք չէ եղած։ Այդ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը գործածելէն զգոյշ եղիր։ Նախ ծանօթացիր այդ հարցի պատմութեան։ Հայերը մեր երկրին մէջ երբեք չեն ենթարկուած ցեղասպանութեան, իսկ այժմ ալ մեր երկրին մէջ կ’ապրի մօտ 100.000 հայ, որոնց մէկ մասը՝ Թուրքիոյ քաղաքացի։ Անոնք մեր երկրին մէջ կ’ապրին եւ պիտի շարունակեն ապրիլ։ Մենք կրնայինք Հայաստան ուղարկել այն հայերը, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ չեն, բայց այդպէս չենք ըրած»,- նշած է Էրտողան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment