Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Պատմութեան Դասագիրքերուն մէջ ՍԴՀԿ-ի Մասին Կեղծիքը Տեղի Ունեցած է Քաղաքական Նպատակներով. Դիւանապետ

Հայաստանի Պատմութեան Դասագիրքերուն մէջ ՍԴՀԿ-ի Մասին Կեղծիքը Տեղի Ունեցած է Քաղաքական Նպատակներով. Դիւանապետ

by MassisPost

Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութիւնը ուսումնասիրած է հանրակրթական դպրոցներու հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնը եւ բացայայտած, որ անոնց մէջ թոյլ տրուած են շարք մը վրիպակներ։ Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է ՍԴՀԿ Տխրունի ուսանողական երիտասարդական միութեան (ՏՈԵՄ) դիւանապետ Ռադիկ Կարապետեանը։

Անոր խօսքով՝ ՏՈԵՄ ներկայացուցիչները այդ հարցով դիմած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան։

«Ասացինք, որ անկախ ամէն ինչից, այս հարցը հասարակական իրազեկման մակարդակում է լինելու։ Կրթութեան գիտութեան փոխնախարար Լուսինէ Առաքելեանը սխալ ընկալեց մեր ասածը, դա որպէս սպառնալիք ընդունեց, այնուհետեւ ասաց, որ Կրթութեան ազգային հիմնարկը կ’ուսումնասիրի ու կը պատասխանի»,- ըսած է Ռադիկ Կարապետեանը։

Մէկ այլ փոխնախարարէ «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները տեղեկացած են, որ Կրթութեան ազգային հիմնարկը լուծարման տակ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment