Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Այցելութիւնը ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն

ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Այցելութիւնը ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն

by MassisPost

Ուրբաթ, Յունուար 25-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը փոխադարձ այցելութիւն կատարեց Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւն, ուր ընդունուեցաւ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեանի եւ խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունիի կողմէ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայաստանի ներքին իրավիճակին ու հոն տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններուն, Արցախեան հարցի վերջին զարգացումներուն եւ Լոս Անճելըսահայ համայնքին առնչուողը հարցերուն:

Պր. Պայպուրթեան նաեւ ներկայացուց Հիւպատոսութեան ծրագիրները, որոնք նախատեսուած են իրականացնել յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, որոնց շարքին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Հիւպատոսութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ տարուայ ընթացքին:

ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները գնահատեցին Պր. Պայպուրթեանի նշանակումէն ասդին համայնքի կազմակերպութիւններուն եւ Հիւպատոսութեան միջեւ կապերու նկատելի սերտացումը ու պատրաստակամութիւնը յայտնեցին այսուհետեւ եւս աջակցելու եւ օժանդակելու ՀՀ հիւպատոսութեան ծրագիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment