Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ ՀԱՊԿ-ը Կրնայ Թոյլ Չտալ ԼՂ Հակամարտութիւնը Զինուած Մեթոտով Լուծելու Ատրպէյճանի Գայթակղութիւնը

Փաշինեան․ ՀԱՊԿ-ը Կրնայ Թոյլ Չտալ ԼՂ Հակամարտութիւնը Զինուած Մեթոտով Լուծելու Ատրպէյճանի Գայթակղութիւնը

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի «պաշտօնը մեծ հաշուով ընդամէնը առիթ է, որպէսզի խօսենք կազմակերպութեան անդամ պետութիւնների փոխադարձ պարտաւորութիւնների հետ կապուած գոյութիւն ունեցող խնդիրների մասին», – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Ս. Փեթերսպուրկի Սուրբ Քաթարինէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

«Մենք ուզում ենք ստանալ յստակ պատասխաններ: Որեւէ մէկը մեզ չի կարող մեղադրել մեր դաշնակցային պարտաւորութիւնները որեւէ կէտում չկատարելու մէջ: Հայաստանն ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ հիմա ապացուցել է հաւատարիմ դաշնակից լինելու փաստը: Ցաւոք, սա չենք կարող ասել ՀԱՊԿ մեր բոլոր գործընկերների մասին, ուստի ասում ենք` եկէք պարզենք մեր յարաբերութիւնները՝ մենք դաշնակիցնե՞ր ենք, թէ` ոչ, եթէ դաշնակիցներ ենք, ապա պէտք է կատարենք մեր բոլոր պարտաւորութիւնները, բայց մեզ համար հասկանալի չեն այն գործողութիւնները, որոնք իրենց էութեամբ հակասում են այդ պարտաւորութիւններին: Պէտք է իմանանք՝ ում վրայ կարող ենք յոյս դնել, ում վրայ` ոչ», – ըսած է Փաշինեանը:

Համոզմունք յայտնելով, որ «ՀԱՊԿ-ը կարող է թոյլ չտալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը զինուած մեթոտով լուծելու Ատրպէյճանի գայթակղութիւնը», Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը շարունակած է․ – «Հիմա հարց` ՀԱՊԿ-ն իր այդ գործիքը պատրաստուո՞ւմ է կիրառել, թէ` ոչ: Սա մեզ համար ռազմավարական նշանակութեան հարց է»:

«Գլխաւոր քարտուղարի հարցը երկրորդական, երրորդական, նոյնիսկ յիսուներորդական հարց է: Թող այնտեղ յաւերժ լինի Պելառուսի ներկայացուցիչը, բայց մեր փոխադարձ բոլոր պարտաւորութիւնները կատարուեն», – ըսած է Փաշինեանը` աւելցնելով, որ լուրջ հարցեր կան Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած ՀԱՊԿ երկիրներու տեսլականի շուրջ այն ուղղութեամբ, թէ այն որքանով կը բխի ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթէն:

«Երբ այս հարցերի համաթեքսթում յարաբերութիւնները յստակեցնենք, կարող եմ երաշխաւորել, որ երբեւէ մեր յարաբերութիւններում որեւէ կնճիռ չի լինի: Մեզ պէտք չեն ֆորմալ կարգավիճակներ, մեզ պէտք են փոխադարձ պարտաւորութիւններ եւ դրանց լիարժէք իրականացում», – շեշտած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment