Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ քայլը» կը Ստանայ 69,4 Տոկոս, ԲՀԿ-ն՝ 5,7 Տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստանը»՝ 3,8 Տոկոս. Gallup-ի Հարցումը

«Իմ քայլը» կը Ստանայ 69,4 Տոկոս, ԲՀԿ-ն՝ 5,7 Տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստանը»՝ 3,8 Տոկոս. Gallup-ի Հարցումը

by MassisPost

«GALLUP International association»-ի Հայաստանի մէջ անդամ MPG ՍՊԸ-Ի տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը ասուլիսի ժամանակ ներկայացուցած է «Նախընտրական ճեպընթաց` վերջին կանգառ» խորագրով ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Հարցին, թէ որ կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը պատրաստուիք տալ ձեր ձայնը, հարցախոյզի մասնակցողները տուած են հետեւեալ պատասխանները.

«Իմ քայլը» – 69,4 տոկոս
ԲՀԿ – 5,7 տոկոս
«Լուսաւոր Հայաստան» – 3,8 տոկոս
«Սասնայ ծռեր» – 1,4 տոկոս
ՀՀԿ – 1,3 տոկոս
ՀՅԴ – 1,2 տոկոս
«Մենք» դաշինք – 0,8 տոկոս
ՕԵԿ – 0,4 տոկոս
«Քաղաքացու որոշում» ՍԴ կուսակցութիւն – 0,3 տոկոս
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն – 0,1 տոկոս
«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն – 0,0 տոկոս,
Հրաժարած են պատասխանել – 8,7 տոկոս
Դժուարացած են պատասխանել – 7 տոկոս:

Արամ Նաւասարդեանի խօսքով՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման մասին տեղեակ են պատասխանողներու 99.5%, իսկ 91,4 տոկոսը տեղեակ եղած է նաեւ, թէ որ օրը պիտի ըլլայ ընտրութիւնը:

Քաղաքացիներու 66,8 տոկոսը նշած է, որ կը հետեւի քարոզարշաւին, իսկ 33,2 տոկոսը չի հետեւիր:

Հարցին, թէ պիտի մասնակցի՞ք ընտրութիւններուն, 75,5 տոկոսը նշած է, որ միանշանակ պիտի մասնակցի: «Հաւանական է, որ մասնակցիմ» պատասխանը տուած է պատասխանողներու 14,6 տոկոսը, «հաւանական է չմասնակցիմ» տարբերակը ընտրած է 2,7 տոկոսը եւ հաստատ պիտի չմասնակցի 5,7 տոկոսը: «Մեր կանխատեսումներով շուրջ 75 տոկոսը կը մասնակցի ընտրութիւններուն»,-ըսած է Նաւասարդեանը:

Նշենք, որ հարցախոյզը իրականացուած է 1-4 դեկտեմբերին, մասնակցած է 1100 քաղաքացի: Սխալմունքը 3 տոկոսի սահմաններու մէջ է: Հարցումները տրուած են դէմ առ դէմ սկզբունքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment