Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պիտի Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

Հայաստանը Պիտի Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

by MassisPost

2019 թուականին Հայաստանը պիտի ստանձնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան նախագահութիւնը։ Այս մասին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Փութին յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանին «մեկնարկող բարդ եւ կարեւոր գործին համար»։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը իր կառավարութեան գերակայութիւններէն է:

«ԵԱՏՄ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը կը դառնայ կարեւորագոյն դրական գործօններէն մէկը, որ կ՝ազդէ երկրի տնտեսական աճին եւ արտաքին առեւտուրի ներուժին վրայ»,- ըսած է ան։

«Մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ նոյնպէս գործադրելու բոլոր ջանքերը ամբողջարկման հիմնարկներու կատարելագործման եւ համագործակցութեան նոր ուղիներ ու մեկենականութիւններ գտնելու համար: Այս ծիրէն ներս պիտի ուզէի նշել, որ Հայաստանը կ՝ողջունէ «Ամբողջարկման գործընթացներու յետագայ խորացման մասին հռչակագիրը» եւ կը սատարէ այդ փաստաթուղթի դրոյթները, որոնք կը սահմանեն մեր համագործակցութեան փիլիսոփայութիւնը եւ անոր զարգացման հիմնական ուղղութիւնները»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment