Պելառուսն ու Ատրպէյճանը յառաջիկային սպառազինութեան առքուվաճառքի մասին նոր համաձայնագիր պիտի կնքեն:
Մինսքի մէջ կայացած են Պելառուսի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին հռչակագիր ստորագրուած է սպառազինութեան եւ հակաօդային պաշտպանութեան թեխնիկայի ոլորտին մէջ Պելառուսի ռազմաարդիւնաբերական յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ:
Ալիեւը յայտարարած է, որ ամենակարճ ժամանակին այս հռչակագիրը պիտի վերածուի Պելառուսէն նոր սպառազինութեան գնման մասին պայմանագրի:
Հրապարակային յայտարարութիւններու ժամանակ Լուքաշենքոն եւ Ալիեւը չեն անդրադարձած ՀԱՊԿ-ին եւ այդ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի թեկնածութեան շուրջ հայ-պելառուսական գայթակղութեան: Փոխարէնը երկու երկիրներու նախագահները խօսած են Պելառուսի մէջ ատրպէյճանական ներդրումներու, ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան մասին:
Սա Ալիեւի արդէն հինգերորդ պաշտօնական այցն է Պելառուս։ Կողմերը կը խօսին բարեկամական, ռազմավարական դաշնակցութեան մասին: Ալիեւ – Լուքաշենքօ հանդիպումը տեւած է երկու ժամէն աւելի, անոր հետեւած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ, որոնց ժամանակ Լուքաշենքօն յայտարարած է. – «Ուրախութեամբ կ’ընդունենք ատրպէյճանցի ներդրողները»:
Մինսքն ու Պաքուն կ’ուզեն միասնական արտադրութեամբ դուրս գալ նաեւ երրորդ երկրի, մասնաւորապէս, թրքական շուկայ:
Ալիեւը յայտարարած է, թէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կը բնորոշէ այն, որ միջազգային կառոյցներու մէջ միշտ կ’աջակցին իրար եւ կը կատարեն բոլոր պայմանաւորուածութիւնները։