Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Համաեւրոպական Հեռախօսամարաթոնին Հանգանակուած է Մօտ 1 Միլիոն 242 Հազար Եւրօ

Համաեւրոպական Հեռախօսամարաթոնին Հանգանակուած է Մօտ 1 Միլիոն 242 Հազար Եւրօ

by MassisPost

Աւարտած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը: Նոյեմբեր 14-18 Եւրոպայի հայութիւնը հանգանակած է ընդհանուր առմամբ 1,242, 460 եւրօ:

Հեռախօսամարաթոնը մեկնարկած է Մարսէյլէն` ընդգրկելով Թուլուզը, Լիոնը, Փարիզը: Այնուհետեւ Զուիրցերիա, Գերմանիա, Յունաստան: Այս տարի հեռախօսամարաթօնի մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 700-ով` հատելով 10 հազարի սահմանը:

bako-sahakyan-paris-Phoneathon

Ինչպէս կը յայտնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, հեռախօսամարաթօնի գումարները պիտի ուղղուին Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման, Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի ներդրման, նաեւ Հալէպի հայերու կարիքներուն:

Հեռախօսամարաթոն 2018-ի արդիւնքով Ֆրանսայի մէջ հանգանակուած է 1 միլիոն 137 հազար 746 եւրօ, Գերմանիոյ մէջ` 73 հազար 845 եւրօ, Զուիցերիոյ մէջ` 19 հազար 717 եւրօ, Յունաստանի մէջ` 11 հազար 150 եւրօ:

Նոյեմբեր 22-ին տեղի պիտի ունենայ Հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2018»-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment