Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Լոնտոնի Մէջ Ցուցադրուած է Հնչակեան Գործիչ Փարամազի Մասին Տեսաֆիլմը

Լոնտոնի Մէջ Ցուցադրուած է Հնչակեան Գործիչ Փարամազի Մասին Տեսաֆիլմը

by MassisPost

kadir akinԼոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է թուրք գրող, հրապարակախօս Քտիր Աքընի պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան յայտնի գործիչներէն Փարամազի (Մատթեոս Սարգսեան) վերաբերեալ «RED» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ միջոցառումը կազմակերպուած է «Թրքական եւ քրտական համայնքի համերաշխութեան կեդրոն»ի կողմէն, որու ժամանակ Աքընը նաեւ իր գիրքերը մակագրած է:

Մասնակիցներէն գրող Այտըն Չուպուքչուն ելոյթի ժամանակ նշած է, որ ծայրաստիճան կարեւոր է, որ այս տեսակ ճշմարտութիւնները ջուրի երես դուրս գան եւ աւելցուցած, որ Աքընի կատարած աշխատանքը նոյնպէս կարեւոր փաստաթղթի դեր կը կատարէ:

Ֆիլմի դիտումէն ետք հեղինակ Աքըն անդրադառնալով 1915-ի Պոլսոյ Պեյազէթ հրապարակին մէջ Փարամազի եւ 19 յեղափոխական գործիչներու կախաղան բարձրացուելուն, շեշտած է, որ պէտք չէ ստուերել պատմութեան էջերը:

Աքընի փոխանցմամբ՝ ան նաեւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է հայ կանանց շարժման վերաբերեալ:
Հեղինակի կարծիքով՝ մեծ խիզախութիւն կը պահանջուի խօսելու համար հայերու նկատմամբ կիրառուած ճնշումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութեան մասին:

kadir akin-2Աքըն պատմած է, երբ հետազօտութիւններու ընթացքին իրեն հարցուցած են, «հայ է, թէ՞ ոչ… կամ հայ ես, կամ ալ կը թաքցնես, որ հայ ես». այս ամէնը կ’ապացուցէ, թէ ինչքան ծանր եղած են հայերու նկատմամբ ճնշումները:

Փարամազը ծնած է Մեղրիի մէջ: Սորված է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ներս (1878-1883): 1884 թուականէն զբաղուած է ուսուցչութեամբ: 1897 -ին իր ստեղծած ֆիտայիներու խումբով անցած է Վան, սակայն ձերբակալուած է եւ դատապարտուած մահուան: Բայց Վանի ռուսական փոխհիւպատոսի միջնորդութեամբ ազատուած է կալանքէն եւ ուղարկուած Կովկաս: 1908-ի երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք անցած է Թուրքիա, քարոզած Օսմանեան սուլթանութեան մէջ ապրող ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու գաղափարը:

Փարամազը եւ 19 ականաւոր Հնչակեան գործիչներ 1915 թուականի 15 Յունիսին Կ.Պոլսոյ Պեյազէթ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուած են: Անոնք իրենց կեանքը նուիրած էին հայերու ազատագրական պայքարին, իսկ 1913-ի Սեպտեմբերին Ռումանիոյ մէջ կայացած Հնչակեան կուսակցութեան համագումարի ժամանակ վճռած էին սպանել Ատանայի կոտորածներու հեղինակ երիտթուրքական պարագլուխները:
Աղբիւրը՝ Էրմենիհապեր

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment