Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն ու Արցախը Մասնակցած են Լոնտոնի Համաշխարհային Զբօսաշրջութեան Ցուցահանդէսին

Հայաստանն ու Արցախը Մասնակցած են Լոնտոնի Համաշխարհային Զբօսաշրջութեան Ցուցահանդէսին

by MassisPost

5-7 Նոյեմբերին, Լոնտոնի մէջ իրականացուած է հեղինակաւոր Համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսը (London World Travel Market), որու հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած եղած է նաեւ Արցախը՝ ի դէմս Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի եւ զբօսաշրջային գործակալութեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ միջոցառման շրջածիրէն ներս հայկական տաղաւար այցելած են բազմաթիւ հիւրեր, այլ երկիրներու զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ։

Արցախի ներկայացուցիչները 6 Նոյեմբերին միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը աւարտած եւ վերադարձած են հայրենիք։ Հայաստանը ներկայացնող ընկերութիւնները շարունակած են մասնակցիլ ցուցահանդէսին նաեւ 7 Նոյեմբերին։

«Արցախի մասնակցութեան երկու օրերին էլ ատրպէյճանական կողմը բողոք է յղել կազմակերպիչներին՝ պահանջելով տաղաւարից հեռացնել Արցախ անուանումն ու նիւթերը։ Սակայն հայկական կողմը միջոցառման կազմակերպիչներին հետ տարած աշխատանքի շնորհիւ ապահոված է Արցախ անուան գործածումը եւ տաղաւարում առկայ բոլոր նիւթերի հասանելիութիւնը տաղաւարի հիւրերին։ Արցախեան կողմը կարողացել է յաջողութեամբ ներկայացնել երկրի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ հաստատել գործնական կապեր», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իւրաքանչիւր տարի այս միջոցառման կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներ, աւելի քան 50 հազար զբօսաշրջային ոլորտի մասնագէտներ։

Հայաստանեան զբօսաշրջային գործակալութիւններու մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին կազմակերպած էր Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment