Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը կը Բանակցի Ռուսաստանի Հետ Կազի Գինի Նուազեցման Շուրջ

Հայաստանը կը Բանակցի Ռուսաստանի Հետ Կազի Գինի Նուազեցման Շուրջ

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը կը բանակցի Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարարութեան եւ «Կազփրոմի» հետ՝ Հայաստան մատակարարուող կազի գինը իջեցնելու ուղղութեամբ։

«Այս պահին բանակցութիւններն ընթանում են ե՛ւ սահմանին կազի գնի ձեւաւորման եւ ներքին կառուցուածքի հետ կապուած», – գործադիրի նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեանը: – «Բնականաբար բանակցութիւնները գնում են դէպի նուազեցման կողմը, եւ որպէսզի բանակցութեան ընթացքի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունենանք, ինձ թուում է մի փոքր էլ սպասէք, երբ որ կաւարտուեն բանակցութիւնները, այդ ժամանակ հանդէս կը գանք մանրամասներով»։

Ներկայիս «Կազփրոմը» իր դուստր ձեռնարկութեան՝ «Կազփրոմ Արմենիային», Հայաստանի սահմանին կազը կը վաճառէ մէկ խորանարդ մեթրը 150 ամերիկեան տոլարով, եւ նոյն այդ կազը ռուսաստանեան մենաշնորհը, որուն կը պատկանի Հայաստանի կազաբաշխիչ ողջ ցանցը, բնակիչներուն կը վաճառէ գրեթէ երկու անգամ թանկ՝ այսօրուան փոխարժէքով մօտ 284 տոլարով:

Հայաստան մատակարարուող կազի գինի հարցը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած էր Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ՝ այս սեպտեմբերին Մոսկուա կատարած այցի ընթացքին:

Տնտեսագէտ, Հայ ազգային քոնկրէսի անդամ Վահագն Խաչատրեանի խօսքով Եւրասիական տնտեսական միութեան միւս երկիրներու՝ Ռուսաստանի եւ Ղազախստանի համեմատ կազի գինը Հայաստանի մէջ բարձր է, ինչը մրցակցային վատ պայմաններ կը ստեղծէ հայաստանեան ընկերութիւններուն համար:

«Թէ ինչո՞ւ պէտք է մենք սահմանի հետ կապուած՝ սահմանին կազը գնուում է 150 տոլարով, մենք 300 տոլարով, նոյնիսկ 380 տոլարով էինք վճարում մի քանի տարի առաջ։ Այսինքն, միշտ այս հարցադրումը եղել է եւ տարբեր բացատրութիւններ են տրուել մեզ, որոնք իրականում մասնագիտական լուրջ վերլուծութիւնից պարզուում է, որ հիմք չունեն։ Սրանք պայմանաւորուած են եղել հիմնականում «Կազփորմ Արմենիայի» կամ «ՀայՌուզԿազԱրտի» այն ժամանակուան ղեկավարութեան շատ անյաջող տնօրինումով», – մեկնաբանած է Վահագն Խաչատրեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment