Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան Երախտագիտութիւն Յայտնած է Ֆրեզնոյի Բժիշկներուն

Բակօ Սահակեան Երախտագիտութիւն Յայտնած է Ֆրեզնոյի Բժիշկներուն

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 10-ին ընդունած է Ֆրեզնօ քաղաքէն ժամանած խումբ մը բժիշկներ, որոնք բարեգործական հիմունքներով բժշկական սպասարկում պիտի իրականացնեն  քաղաքացիներուն համար:

Քննարկուած են առողջապահութեան ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեանը երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրեզնոյի բժիշկներուն Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերելու համար՝ ընդգծելով, որ Արցախի ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ մարդասիրութեան նման դրսեւորումը:

Հանդիպման մասնակցած էին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանը, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment