Ղարաբաղեան խնդրի շուրջ բանակցութիւնները պիտի ըլլան բացառապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ պնդելով, թէ հայկական կողմը փորձած է փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը, սակայն յաջողութեան չէ հասած:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայացած երկու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ, եւ որ այս հակամարտութիւնը պէտք է մօտ ապագային կարգաւորուի միջազգային սկզբունքներու եւ նորմերու հիման վրայ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծէն ներս», – պնդած է Ալիեւ:
«Յոյսով եմ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կառուցողականութիւն կը դրսեւորէ իր քաղաքականութեան մէջ, եւ մեր հողերը շուտով կ’ազատագրուին գրաւողներէն», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը կառավարութեան ընդլայնուած նիստի ժամանակ: