Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցը Հանրապետականներու Օրակարգին Վրայ Չկայ

Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցը Հանրապետականներու Օրակարգին Վրայ Չկայ

by MassisPost

«Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու հարց մեր օրակարգում չկայ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ, հանրապետական Էտուարտ Շարմազանովը:

Անոր պնդմամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ խորհրդարանական ուժերը ընդհանուր յայտարարի չեն եկած եւ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ:

ԱԺ փոխնախագահի խօսքով՝ իրենք չեն հասկնար, թէ ինչու Փաշինեանը կը պնդէ, որ դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ըլլան եւ ոչ թէ, ըսենք, յաջորդ տարուան փետրուարին կամ գարնան: Շարմազանովն ընդգծած է՝ իրենք կը պնդեն, որ ընտրութիւններն ըլլան մայիսին՝ առանց շտապելու, որպէսզի բոլոր քաղաքական ուժերը հասցնեն պատրաստուիլ, Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները ընդունուին, Վենետիկի յանձնաժողովի գնահատականը ըլլայ, այսինքն՝ ե՛ւ օրէնսդրութիւնը, ե՛ւ քաղաքական դաշտը ամբողջովին պատրաստ ըլլան:

«Ազատութեան» հարցին՝ «հիմա եթէ վարչապետը հրաժարական տայ, ինչպէս ասել է, դուք պատրա՞ստ էք այդ հրաժարականից անմիջապէս յետոյ վարչապետի թեկնածու չառաջադրել», ԱԺ փոխխօսնակը պատասխանած է․ – «Նման հարց մենք չենք քննարկել, թող հրաժարականը տայ, յետոյ կը տեսնենք»:

Իսկ հարցին՝ եթէ Փաշինեանը համաձայնի արտահերթ ընտրութիւնները մայիսին իրականացնելուն, պատրա՞ստ են յուշագիր ստորագրել, որ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրեն, Շարմազանովը արձագանգած է․ – «Դէ թող Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարի, որ համաձայն է դեկտեմբերից տեղափոխել միւս տարի, մենք էլ արդէն այդ յուշագրի մասին կը խօսենք»:

Ամբողջ խնդիրը, ըստ խորհրդարանի փոխխօսնակին, այն է, որ վարչապետը «երկու ոտքը դրել է մի կօշիկի մէջ» եւ կ’ըսէ՝ միայն դեկտեմբերին:

Էտուարտ Շարմազանովը նաեւ անթոյլատրելի կը համարէ ժողովուրդին Ազգային ժողով բերելը, ներս մտցնելը: «Չի կարելի Ազգային ժողովի վրայ մարդ բերել, յանուն ինչի՞՝ որ Ազգային ժողովի գո՞յքը վնասեն, ծեծելո՞ւ էին, ի՞նչ էին անելու, 96-ին էլ էին մտել: Ինչի՞ բերեց ժողովրդին ներս մտնելը», – ըսած է ԱԺ փոխնախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment