Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան կը Հակադարձէ Թուրքիոյ Փոխնախագահի Հակահայ Յայտարարութիւններուն

Կարօ Փայլան կը Հակադարձէ Թուրքիոյ Փոխնախագահի Հակահայ Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան  (HDP) պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուհաթ Օքթայի հակահայկական յայտարարութիւնը:

Bianet.org լրատուական կայքին տուած մեկնաբանութեան մէջ Փայլան նշած է, որ Թուրքիոյ նոր դիրքորոշումը հիմնուած է ոչ թէ առերեսման, այլ ժխտողականութեան ու ձուլման վրայ եւ այս տեսանկիւնէ  նոր թշնամիներու կարիք կայ:

Ըստ Փայլանի` Թուրքիոյ մէջ բնակող հազարաւոր հայերու ցաւին նկատմամբ ոչ մէկ կարեկցանք պարունակող յայտարարութիւնները այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն ոչ մէկ օգուտ կու տան:

Փայլան, նշելով, որ նման արտայայտութիւնները «թրքական ազգայնական մտածելակերպ»ի արդիւնքն են, աւելցուցած է. «Անոնք, որոնք դուք թշնամի դարձուցած էք, մեր ազգականներն են, մեր քաղաքացիներն են»:

Փայլան Օքթայի յայտարարութեան արձագանգած է նաեւ «Twitter»-ի մէջ կատարած արձանագրութեամբ.

«Հայկական սփիւռքը քայսերիցին, մալաթիացին, սթամպուլցին, պուրսացին, թեքիրտաղցին, տիարպեքիրցին է: Անոնք, որոնց դուք թշնամի դարձուցած էք մեր բարեկամներն ու մեր քաղաքացիներն են: Թրքական թէզերը ցեղապաշտական են եւ ցեղասպան: Մեր ցաւի օճախը Թուրքիոյ մէջ է եւ միայն Թուրքիոյ  մէջ հնարաւոր է զայն բուժել»:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ, ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած «թրքական պատմութեան համաժողովի» բացման, անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան: Օքթայ, նշելով, որ իրենք Հայկական սփիւռքի ճնշումով թրքական թէզերը արգիլող խորհրդարաններու որոշումները չենք յարգեր, ըսած էր .

«Անոնք, որոնք կը ցանկային 1915-ի դէպքերը օգտագործելով մեր պատմութիւնը սեւցնել, հակառակ իրենց ջանքերուն, չեն հասած իրենց նպատակներուն` բացառութեամբ մեր երկրի նկատմամբ բացայայտ թշնամանք ունեցող պետութիւններուն: Յատկապէս 2015-էն առաջ աշխուժացած զրպարտող արշաւները արդիւնք չտուին` շնորհիւ մեր երկրի կեցուածքին, Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան նման պետական հաստատութիւններու ջանքերուն եւ մեր դիւանագէտներու աշխատանքին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment