Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անձեռնմխելիութիւն Թէ՞ Անպատժելիութիւն

Անձեռնմխելիութիւն Թէ՞ Անպատժելիութիւն

by MassisPost

Հայաստանի վերաքննիչ դատաւոր՝ Ալեքսանտր Ազարեան բեկանելով առաջին դատարանի որոշումը՝ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակած է կալանքէ, պատճառաբանելով թէ նախագահի պաշտօնը վարած անձը անձեռմխելի է եւ չի կրնար ենթարկուել քրէական հետապնդման եւ պատասխանատուութեան իր պաշտօնավարման եւ պաշտօնավարութենէն յետոյ, եթէ անոր գործողութիւնները բխած են իր կարգավիճակէն:

Թէեւ Քոչարեան ազատ արձակուած է կալանքէն եւ կը շարունակէ ներկայանալ որպէս մեղադրեալ, սակայն օրէնքի նման մեկնաբանութիւնը կրնայ նաեւ օգտագործուիլ, զինք ամբողջութեամբ ազատելու եւ գործը փակելու առումով:

Շատ մը իրաւաբաններու կարծիքով դատաւորի կողմէ նման ձեւակերպումը խիստ վտանգաւոր երանգներ կը պարունակէ իր մէջ եւ չի կրնար գործել Քոչարեանի պարագային, առաջադրուած՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքին պատճառաւ: Եթէ անձեռմխելիութիւնը ամրագրուած է սահմանադրութեամբ, ապա այդ չի կրնար տարածուիլ նոյն սահմանադրութիւնը խախտողին վրայ:

Այս հարցի իրաւական երեսն է, որու շուրջ իրաւաբաններն ու դատաւորները տակաւին պիտի վիճին երկար ժամանակ: Միւս կողմէ սակայն կայ հարցի աւելի վտանգաւոր կողմը: Անձեռմխելիութեան իրաւունքը հաստատուելու պարագային դուռ կը բացուի այսօրուայ եւ ապագայի բոլոր ղեկավարներուն գործելու անսանձարձակ: Պարզ խօսքով՝ սպանեցէք ինչքան որ կրնաք, կեղծեցէք ձեր ձեռքէն եկածին չափ, երկրէն ներս հաստատեցէք բռնապետութիւն, իսկ եթէ օրին մէկը իշխանութիւնը կորսնցնէք, մի մտահոգուիք, քանի որ սահմանադրութիւնը ձեզի կու տայ բացարձակ անձեռնմխելիութիւն:

Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահական աշխատակազմէն ներս պաշտօններ վարած դատաւորի նման պահուածքը շատերու մօտ կասկած կը յառաջացնէ, թէ արդեօ՞ք ան ճնշումներու ենթարկուած է նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք կը շարունակեն ունենալ բազմաթիւ լծակներ ու կը տիրապետեն հսկայ հարստութիւններու:

Կը յուսանք որ, աւելի բարձր դատարանները տարբեր մեկնաբանութեան կ՛արժանացնեն բացարձակ անձեռնմխելիութեան հարցը, այլապէս՝ անձեռնմխելիութիւնը կը վերածուի անպատժելիութեան, ինչ որ աղետաբեր է երկրին համար:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment