Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ժողովրդավար Հայաստանը Լաւ Յարաբերութիւններ Կրնա՞յ Պահպանել Ռուսաստանի հետ

Ժողովրդավար Հայաստանը Լաւ Յարաբերութիւններ Կրնա՞յ Պահպանել Ռուսաստանի հետ

by MassisPost

Ժողովրդավար Հայաստանը տեսականօրէն կրնայ լաւ յարաբերութիւններ պահպանել մեր օրերու Ռուսաստանին հետ, «Ամերիկայի Ձայն»-ին ըսած է Center for National Interest` Ազգային Շահի Կեդրոնի ղեկավար Փոլ Սանճըրսը.

«Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ժողովրդավար երկիրներ, որոնց հետ Ռուսաստանը շատ լաւ համագործակցութիւն կը վարէ: Առաջին հերթին այն Իսրայէլն է, սակայն նաեւ՝ Հնդկաստանն ու Պրազիլը: Չեմ կարծեր, թէ Ռուսաստանի կառավարութեան համար անընդունելի են ժողովրդավարական պետութիւնները»:

Փորձագէտի խօսքով, ամէն ինչ կախուած է իրավիճակէն. Եթէ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը որոշէ, որ Ռուսաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններ ունենալը կը բխի Հայաստանի պետական շահերէն, ապա լուրջ խոչընդոտներ պէտք չէ ըլլան:

«Կը կարծեմ, Ռուսաստանի առաջնահերթութիւնն անմիջական հարեւաններու շրջանին բարեկամաբար տրամադրուած հարեւաններ ունենալն է, եւ անշուշտ անոնք սեփական պատկերացումներն ունին բարեկամութեան եւ անոր հասնելու մասին, սակայն, տեսականօրէն իմ կարծիքով ժողովրդավար Հայաստանը հնարաւորութիւն ունի բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու Ռուսաստանի հետ»:

Իրավիճակին այլ տեսանկիւնէ կը նայի Ուքրանիոյ բանակցութիւններու հարցով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Քուրթ Ուոքըրը, որ յիշեցուցած է, որ նշուած երեք ժողովրդավար պետութիւնները՝ Իսրայէլը, Հնդկաստանն ու Պրազիլը, բաւականին քիչ կախուած են Ռուսաստանէն, մինչդեռ, այն երկիրներու նկատմամբ, որոնց վրայ Մոսկուան ազդեցութիւն ունի, Քրեմլի վերաբերմունքն այլ է.

«Կը կարծեմ Ռուսաստանը հիմնարար հակասութիւն ունի ժողովրդավարութեան հետ՝ թէ սեփական երկրին մէջ եւ թէ հարեւաններուն մօտ: Խնդիրն այն է, որ Ռուսաստանը չի կրնար վերահսկել, թէ հարեւան երկիրներուն մէջ մարդիկ ինչ կ’ուզեն»:

Ուոքըրի խօսքով, Ռուսաստանը չի կրնար սեփական կամքը թելադրել ժողովրդավար երկիրներու քաղաքացիներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment