Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Ուրբաթ, Օգոստոս 24-ին, Կլէնտէլի Հանրային Կեդրոնական Գրադարանէն ներս ելոյթ պիտի ունենայ հայրենի ծանօթ լրագրող, վերլուծաբան եւ ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող՝ Թաթուլ Յակոբեան:
Թաթուլ Յակոբեան Երեւանի ՍԻՎԻԼԻԹԱՍ հիմնադրամի վերլուծաբան է եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող: Ան լրագրող է, փորձագէտ եւ գիրքերու հեղինակ:
Յակոբեանի առաջին գիրքը՝ «Կանաչ ու Սեւ. Արցախեան Օրագիր», լոյս տեսած 2008-ին: Արեւելահայերէնէ բացի, հրատարակուած է ռուսերէնով, անգլերէնով, արեւմտահայերէնով, թուրքերէնով եւ արաբերէնով:
Երկրորդ գիրքը՝ «Հայեացք Արարատից. Հայերը եւ թուրքերը», հասանելի է արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնով եւ անգլերէնով:
Յակոբեան այժմ կ՛աշխատի իր երկու նոր գիրքերուն վրայ՝ «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները եւ Ատրպէյճանը 1917-1921 թթ». եւ «Հայաստանը 1988-ից յետոյ. Ժողովրդավարութեան եւ ավտորիտարիզմի փակուղում», պայմանական անունը:
Թաթուլ Յակոբեանի յօդուածները եւ ռեպորտաժները հասանելի են www.civilnet.am եւ aniarc.am
Յակոբեան 10 տարի լրագրութիւն դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանի Ժուռնալիստական բաժանմունքէն ներս ներս:
1990-ին ի վեր Յակոբեան Հայաստանի, Սփիւռքի եւ միջազգային մամուլին մէջ գրած է աւելի քան 5000 յօդուած, վարած է հարիւրաւոր հեռուստաեւռադիոյ հարցազրոյցներ:
Յակոբեան կը խօսի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: