Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Կիանճայի Իրադարձութիւններուն Մէջ Հայկական Հետք կը Նշմարեն

Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Կիանճայի Իրադարձութիւններուն Մէջ Հայկական Հետք կը Նշմարեն

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմէթ Հաճիեւը՝ մեկնաբանելով երկիրի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի՝ Կիանճայի (Գանձակ) մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները անուանած է սադրիչ գործողութիւններ որոնք «Կը վկայեն, որ միջազգային ասպարէզէն ներս Ատրպէյճանի զարգացումն ու յաջողութիւնը լրջօրէն կը մտահոգեն որոշ օտար ուժեր, այդ շարքին Հայաստանը» :

Իրադրութիւնը Կիանճայի մէջ սրուած էր, երբ ընկերային ցանցերու միջոցով կազմակերպուած ցոյցի դուրս եկած էին քաղաքի քանի մը հարիւր բնակիչներ՝ փորձելով իրենց աջակցութիւնը յայտնել քաղաքապետ Էլմար Վելիեւի դէմ անցած շաբաթ տեղի ունեցած մահափորձի մէջ մեղադրուող եւ այժմ անազատութեան մէջ գտնուող Եունիս Սաֆարովին:

Կիանճայի ոստիկանութիւնը  հաւաքի մեկնարկին փորձած է ցրել ցոյցի մասնակիցները: Հեռախօսներով եղած տեսագրութիւններուն մէջ կ’երեւի, որ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին մէջ ոստիկաններու եւ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն միջեւ գրեթէ մէկ անգամէն բախումներ սկսած են, որոնցմէ մէկուն ժամանակ ալ դանակահարուած են այնտեղ գտնուող երկու բարձրաստիճան ոստիկանները` ներքին գործերու քաղաքային վարչութեան պետի տեղակալ Իլկար Պալաքիշիեւը եւ Նիզամիի շրջանային բաժանմունքի պետի տեղակալ, փոխգնդապետ Սամէտ Ապասովը:

Ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն, Կիանճայի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցէն առաջ քաղաքին մէջ ներքին զօրքերու շարք մը ստորաբաժանումներ տեղակայուած էին: Հակառակ անոր, տեսագրութիւններէն մէկուն մէջ կ’երեւար, որ ցուցարարներու հետ բախումներուն ներգրաւուած են անզէն եւ յատուկ միջոցներ չկրող պարեկային ոստիկանները: Միայն բարձրաստիճան ոստիկաններու սպանութենէն ետք Կիանճայի ոստիկանութիւնն արցունքաբեր կազ կիրառած եւ բերման ենթարկած է բողոքի գործողութեան մօտ չորս տասնեակ մասնակիցներ:

Պաքուի մէջ կը փորձեն հասկնալ` ի՞նչն է Կիանճայի մէջ իրադրութեան նման կտրուկ սրման պատճառը: Ատրպէյճանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները վստահ են, որ աւելի քան 300 հազար բնակիչ ունեցող այս քաղաքին մէջ իրավիճակը դուրս եկած է քաղաքային իշխանութիւններուն վերահսկողութենէն, մասնաւորաբար, այժմ Իսրայէլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ գտնուող քաղաքապետ Էլմար Վելիեւի այլասերած եւ լկտի պահուածքի հետեւանքով:

Մինչդեռ պաշտօնական մարմիններն ու իշխանամէտ մեկնաբանները կը պնդեն, որ Կիանճայի իրադարձութիւններու ետին օտար ուժեր կանգնած են: Բայց եթէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’ակնարկէ, որ Կիանճայի իրադարձութիւններուն մէջ հայկական հետք կը նշմարուի, ապա նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուղարովի համոզմամբ՝ ճգնաժամի իրական մեղաւորներն Արաքսի միւս ափին են:

«Բազմիցս շփուելով իրանցի պետական գործիչներու եւ դիւանագէտներու հետ` ես յստակ մէկ փաստ արձանագրած եմ․ Ատրպէյճանի հանդէպ Իրանի քաղաքական վերնախաւին մօտ մշտապէս երկու հակադարձ միտումներ առկայ են` մէկ կողմէն թշնամութեան, միւս կողմէն բարիդրացիութեան եւ եղբայրական համագործակցութեան գաղափարները: Կիանճայի իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ այժմ Իրանի մէջ առաջատար դիրքեր ունին Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան գաղափարին հակուած ուժերը»,- կը գրէ Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment