Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Նոր Մանրամասներ Պարզուած են Տինքի Գործով Ցմահ Ազատազրկուած Եասին Հայալի Մասին

Նոր Մանրամասներ Պարզուած են Տինքի Գործով Ցմահ Ազատազրկուած Եասին Հայալի Մասին

by MassisPost

Յուլիս 10-ին Պոլսոյ մէջ կայացած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 75-րդ դատական նիստը որու ընթացքին հարցաքննուած են գործով անցնող շարք մը վկաներ։ Որպէս վկայ հանդէս եկած է նաեւ Օկիւն Սամասթը սպանութեան դրդելու մէջ մեղադրուող եւ այդ յանցանքի համար ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Եասին Հայալի ազգական Ճոշքուն Իղճին։

Վերջինս իր ցուցմունքին մէջ յայտնած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ Եասին Հայալն իրեն ըսած է, որ կը պատրաստուի սպանել Տինքը։

«2006-ի  Յուլիսի սկիզբը Եասին Հայալն ըսած է, որ պիտի սպանէ Հրանդ Տինքը։ Ան ըսած է, որ Տինքը հայկական ծագմամբ լրագրող է, որ թուրքերուն մասին չափէն շատ  աւելորդ կը խօսի ու կը գրէ», – պատմած է վկան։

Այդ լուրն ստանալէն ետք Իղճին այդ մասին հաղորդած է հետախուզութեան աշխատակիցներ Վեյսէլին եւ Օքանին։

«Ես հաղորդում տուի այդ մասին, որովհետեւ Եասինի խօսքը գործ էր։ Ես կ’ուզէի պաշտպանել Եասինը օգտագործուելէ, քանի որ Տրապիզոնի մէջ օղապլիթ (սիմիթ) վաճառող մէկը նման յանցանք չի կրնար ծրագրել ու իրագործել։ Իմ համոզմամբ՝ որոշ մարդիկ կ’օգտագործէին Եասինը իրենց նպատակին հասնելու համար», – աւելցուցած է Իղճին։

Դատական նիստէն  առաջ մամուլի յայտարարութեամբ հանդէս եկած «Տինքի ընկերներ» նախաձեռնութեան մասնակիցներէն Պիւլենթ Այտընը յիշեցուցած է, որ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնն արդէն 11 տարի կը շարունակուի։ 2 յուլիս 2007-ին սկսած դատական գործով արդէն 85 մեղադրեալ անցած է, որոնցմէ 24-ը 2017-ի ընթացքին ազատ արձակուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment