Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետրոս Թէրզեան Նշանակուած է «Հայաստան» Հիմնադրամի Ժամանակաւոր Վարիչ Տնօրէն

Պետրոս Թէրզեան Նշանակուած է «Հայաստան» Հիմնադրամի Ժամանակաւոր Վարիչ Տնօրէն

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Յուլիսի 10-ն նամակով դիմած է Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ առաջարկելով ընդունիլ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը, որ վերջինս նախագահին ներկայացուցած էր նախորդ օրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի պաշտօնական կայքէջը։

Միեւնոյն ժամանակ, հանրապետութեան նախագահն առաջարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ղեկավարումը ժամանակաւորապէս դնել Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի վրայ, այնուհետեւ յայտարարել բաց մրցոյթ՝ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի թափուր պաշտօնի համար:

«Այդ նպատակով առաջարկուում է ստեղծել մրցութային յանձնաժողով՝ Պետրոս Թերզեանի նախագահութեամբ: Յանձնաժողովի կազմի մէջ ընդգրկուելու են նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մէկական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը ենթակայ է Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն հաստատման:

Արա Վարդանեանը ձերբակալուած է Յուլիս 3-ին՝ իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէն լիազօրութիւնները չարաշահելու մեղադրանքով, եւ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է Յուլիս5-ին:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէր, որ փաստական հանգամանքներու ճնշման ներքոյ Վարդանեանը խոստովանած է՝ տնօրինելով Հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը, անոր միջոցներն օգտագործած է անձնական նպատակներով, այդ շարքին՝ անոնք ուղղելով տարբեր առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելուն: Ըստ իր խօսքերուն, վարկային քարտէն վատնած միջոցները Վարդանեանը ետ  վերադարձուցած է Հիմնադրամին հանգանակուած գումարներուն հաշիւին: Այնուհետ անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրած է Հիմնադրամի հաշուապահութիւն, այդպիսով թաքցնելով Հիմնադրամի գումարներու վատնման հանգամանքը:

Ըստ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, միայն վերջին շաբթուան ընթացքին Վարդանեանը Հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 14 միլիոն դրամ փոխանցած է օնլայն խաղատուներուն, իսկ 2016-2018 թուականներուն այդ գումարը կազմած  է շուրջ 130 միլիոն դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment