Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը պաշտօնավարման 2 ամսուան ընթացքին հասցուցած է պիւտճէթային մուտքերու բարձր աճ գրանցել։ Ընդ որում, աճը գրանցուած է ոչ այնքան հարկերու հաւաքագրման, որքան ձեռնարկուած հակակաշառակերական գործողութիւններու հաշւոյն։ 58 բացայայտումներէն 2 ամսուան մէջ պիւտճէ մտած է 21 միլիառ դրամ՝ մօտ 40 միլոն տոլար։
2018 թուականի Մայիսէն մինչ օրս ուժային, քննչական եւ հարկային մարմիններու կողմէն բացայայտուած է ընդհանուր առմամբ 58 չարաշահման դէպք, աւելի քան 21 միլիառ դրամ ընդհանուր արժողութեամբ։ Այս ցուցակին մաս կը կազմեն այնպիսի աղմկայարոյց գործեր, ինչպիսիք են Երեւան սիթի առեւտրային ցանցը (7,2 միլիառ), «Նորֆոլք քընսալթինկ» ընկերութեան չարաշահումները (3,3 միլիառ), գիւղատնտեսութեան ոլորտի չարաշահումները (1,4 միլիառ), «Սփայքա» ընկերութիւնը (2 միլիառ) եւ այլն։ Այս ցանկին մէջ, սակայն, ներառուած չեն այն բացայայտումները, որոնց՝ պետութեան հասցուցած վնասի չափը դեռ յայտնի չէ (Մանուէլ Գրիգորեան, Վաչական Ղազարեան, «Երեւան» հիմնադրամ եւ այլն)։
Նկատենք, որ վերոնշեալ 21 միլիառ դրամի մօտ 25 տոկոսը՝ 5 միլիառ դրամը, Յունիս 26-ի դրութեամբ արդէն իսկ վերադարձուած է պետական գանձապետարան։
2018 թուականի Մայիս ամսուան ընթացքին փաստացի հարկային մուտքերը 2%-ով գերազանցած են լաւատեսական սենարը. ծրագրուած 109 միլիառ դրամի փոխարէն՝ Մայիսին միասնական գանձապետական հաշիւին մուտք եղած է111 միլիառ դրամ։ Այսինքն, ի հեճուկս փորձագէտներու այն կանխատեսման, թէ «անցումային ժամանակահատուածին պիտի դիտուի հարկային մուտքերու նուազում», այսօր կրնանք փաստել, որ արձանագրուած է 2 միլիառ դրամի աճ։
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Պիոտր Սվիթալսքին եւս հանդէս եկած է ուշագրաւ յայտարարութեամբ։
«Մենք կը տեսնենք առարկայական ապացոյցներ, որ նոր կառավարութիւնը վճռական տրամադրուած է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու հարցին վերաբերեալ», – ըսած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ Եւրոմիութիւնն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին այդ հարցի ուղղութեամբ։
Յիշեցնենք, որ Եւրամիութիւնը 5 տարի առաջ Հայաստանին 15 միլիոն եւրոյի դրամական աջակցութիւն յատկացուցած էր կաշառակերութեան դէմ պայքարի համար։ Այն ժամանակուայ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, որ ստեղծած էր եւ կը ղեկավարէր կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը, որեւէ շօշափելի արդիւնք այդպէս ալ չէր գրանցած։