Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊՆ Դաւիթ Տօնոյեան Անհրաժեշտ կը Նկատէ Ոստիկանական Զօրքերու Ընդգրկումը Մարտական Հերթապահութեան Մէջ

ՊՆ Դաւիթ Տօնոյեան Անհրաժեշտ կը Նկատէ Ոստիկանական Զօրքերու Ընդգրկումը Մարտական Հերթապահութեան Մէջ

by MassisPost

«Սահմանային իրավիճակը եւ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, եւ Արցախի ուղղութեամբ, նաեւ հիւսիսային մեր սահմանները վերահսկելի են»,- երէկ Կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներուն ըսած է Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը: Ան անդրադարձած է որոշման, ըստ որու՝ ոստիկանութեան զօրքերը եւս առաջնագիծին ծառայութիւն պիտի իրականացնեն:

«Ոստիկանաութեան զօրքերը զինուած ուժերի այլ զօրքերի շարքն են դասւում: Անհրաժեշտութիւն է առաջացել, որպէսզի ոստիկանական զօրքերը եւս ընդգրկուեն մարտական հերթապահութեան մէջ»,- պարզաբանած է նախարարը:

Դիտարկման, որ ոստիկանութիւնը կարծես կ’ընդդիմանայ որոշման, նախարարը պատասխանած է. «Այլ զօրքեր են, իրենք ընդդիմանալու ոչ իրաւասութիւն, ոչ էլ, կարծում եմ, տրամադրուածութիւն ունեն: Անհրաժեշտութիւնն առաջացել է, որովհետեւ մարտական հերթապահութեան մէջ մենք շատ հետաքրքիր լուծումներ ենք ման գալիս»:

Դաւիթ Տօնոյեանն անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ան ըսած է, որ մեծ աշխատանք կը կատարուի:

«Դուք մի բանում պէտք է համոզուած լինէք, ես իմ աշխատանքը սկսել եմ կաշառակերութեան դէմ պայքարով, կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարով եմ սկսել: Ես այդ հարցին շատ մասնագիտօրէն եմ վերաբերուում: Ես մի հատ գիծ եմ քաշել՝ մինչ իմ նշանակումը եւ նշանակումից յետոյ: Եկէք խօսենք այն մասին, թէ հիմա ինչ է կատարուում»,- ըսած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment