Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մաշտոց Գոլէճի Ուսուցչական-Մանկավարժական Նոր Հունձքը

Մաշտոց Գոլէճի Ուսուցչական-Մանկավարժական Նոր Հունձքը

by MassisPost

Մաշտոց Գոլէճի մանկավարժական բաժանմունքի ամավերջի հանդիսութիւնը ազգային վայելքի եւ ապագայի վառ յոյսերու առիթն ընծայեց շրջանաւարտներուն, որոնք զինուած կրթական արդիական գիտելիքներով եւ յանձնառութեամբ եկան հարստացնելու մեր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ներկայ փաղանգը:

Ի ներկայութեան ընտանեկան անդամներուն, բարեկամներուն եւ հոգաբար-ձութեան անդամներու 43 նուիրեալներ տողանցեցին պարծանքի զգացումներով ստանալու իրենց վկայականները ձեռամբ Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի:

Հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ Գոլէճի նախագահը խրախուսելով շրջանաւարտ-ները, որ իրենց կոչումը վերածեն ազգային ծառայութեան, մատղաշ սերունդը դաստիարակելով հայօրէն սատար հանդիսանալով հայակերտումի ջանքերուն: Ապա Լիանա Թարվետեան իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց ներկաները:

Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահը Յունիս 30-ին վերածուած էր խանդա-վառ կրթական մեկնարկի, թռիչք տալով մեր նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն վերանորոգ յանձնառութեամբ միանալու մեր կրթական մշակներու հոյլին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment