Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զօհրապ Մնացականեանը Վերահաստատած է ԼՂ Խնդիրը Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով Լուծելու Յանձնառութիւնը

Զօհրապ Մնացականեանը Վերահաստատած է ԼՂ Խնդիրը Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով Լուծելու Յանձնառութիւնը

by MassisPost

Մինսքի մէջ  ՀՀ Արտաքին     Գործոց  նախարար Զօհրապ Մնացականեանը 22 յունիսին մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան (ԱլԳ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման, որուն ներկայ եղած էր Հարեւանութեան հարցերով Եւրոմիութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը:

ԱլԳ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու լիագումար նիստի ընթացքին Հայաստանի Արտաքին Գործոց  նախարարութեան  ղեկավարը հանդէս եկած է ելոյթով, որու ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ վերջին զարգացումներուն, ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած նոր կառավարութեան աներեր յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի ժողովուրդի կողմէն տրուած յանձնարարութիւնը (մանդատը) հաստատակամօրէն իրականացնելու եւ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարական սկզբունքներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խրախուսման, երկրի մէջ բոլոր ուղղութիւններով արդարութեան եւ հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման ուղղութեամբ:

նախարար Մնացականեանը վերահաստատած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը Հայաստանի հիմնական առաջնահերթութիւններն են։ Խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտն առանցքային նշանակութիւն ունի բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութեան համար, եւ դրան պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուի։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գծի երկայնքով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութիւնը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, մարդկանց միջեւ շփումների խոչընդոտումը պէտք է յստակօրէն մերժուեն։

Ե՛ւ ԵՄ անդամ երկրները, ե՛ւ Արեւելեան գործընկերութեան երկրները պէտք է խստօրէն ձեռնպահ մնան բոլոր այն գործողութիւններից, որոնք յանգեցնում են տարածաշրջանում սպառազինութիւնների մրցավազքին, զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններից, որոնք խոչընդոտում են խաղաղութեան գործընթացը կամ խաթարում են բանակցութիւնների համաձայնեցուած ձեւաչափի աշխատանքները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment