Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի Աւետիսեան Վարժարանը Բարի Երթ Մաղթեց Երկրորդականի Շրջանաւարտներու Երկրորդ Հունձքին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի Աւետիսեան Վարժարանը Բարի Երթ Մաղթեց Երկրորդականի Շրջանաւարտներու Երկրորդ Հունձքին

by MassisPost

Շաբաթ, Յունիսի 16-ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի Աւետիսեան Վարժարանի  շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութիւնն էր, որու ընթացքին Վարժարանը բարի երթ մաղթեց դէպի նոր կեանք ընթացող տասնըերկրորդ դասարանի աւարտականներու իր երկրորդ հունձքին։

Աւարտական այս հանդիսութիւնը մեծ իրադարձութիւն է Աւետիսեան Վարժարանի կեանքէն ներս։ Ամէն տարի այս հանդիսութեան իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն դպրոցի բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեանները, վարժարանի աջակիցներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հոգաբարձութեան անդամներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն ժամանած շարք մը հիւրեր։ Այս տարի պատուոյ հիւրերու շարքին կը գտնուէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նորանշանակ Նախարար Արայիկ Հարությունյանը, Փոխ Նախարար Հովհաննես Հովհաննիսյանը եւ Երեւանի Քաղաքապետարանի Հանրակրթութեան Վարժութեան Պետ՝ Աննա Ստեփանյանը։

Հանդիսութեան բանախօսն էր հանրածանօթ պատմաբան Թաներ Աքչամը՝ առաջին Թուրք մտաւորականներէն՝ որ ճանչցած եւ բացայայտօրէն քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Պր. Աքչամը իր ողջոյնի խօսքով աշակերտներուն յորդորեց ըլլալ համարձակ ու նորարար, ունենալ սեփական տեսակէտ, հարկ եղած պարագային պաշտպանել զանոնք եւ պայքարիլ զիրենք դիմագրաւող անարդարութիւններուն դէմ։

Շրջանաւարտներուն շնորհաւորեցին եւ բարի երթ մաղթեցին նաեւ բարերարներ Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեանները, Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ դպրոցի Տնօրէն Մելանիա Գեղամյանը։ Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները հանդիսաւորապէս ստացան իրենց աւարտական վկայականները։

Շնորհաւորութիւններ աւարտականներուն, մաղթելով որ հանդիսութեան հնչած բոլոր բարեմաղթութիւնները կիրականան եւ Աւետիսեան Դպրոցը բազմաթիւ առիթներ կ՚ունենայ իր շրջանաւարտներով հպարտանալու։

avedisian-Minister of Education

avedisian-Edward Avedisian

avedisian-Taner Akcam

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment