Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Պաքու «Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Բանակցութիւններուն կը Նշանակէ Վերջ Դնել Խաղաղ Գործընթացին»

Պաշտօնական Պաքու «Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Բանակցութիւններուն կը Նշանակէ Վերջ Դնել Խաղաղ Գործընթացին»

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովը  հերթական անգամ յայտարարած է, որ պաշտօնական Պաքուն հնարաւոր չի համարեր Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու ուղղակի մասնակցութիւնը հիմնախնդրի շուրջ բանակցութիւններուն:

«Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ’առաջարկէ բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը, կը նշանակէ վերջ դնել խաղաղ գործընթացին», – յայտարարած է Մամետեարովը՝ աւելցնելով, որ այդ հարցը վերջերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ քննարկուած է Փարիզի մէջ:

Մամետեարովի խօսքով՝ ինքը համանախագահներուն ըսած է, որ հայկական կողմի առաջարկը «ծիծաղելի է»:

23 Մայիսին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց կայացած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ, որու ժամանակ, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Մնացականեանը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու մէջ:

Անցնող շաբաթ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած էր Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ եւ պնդած, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ աւարտուած ընտրական գործընթացներէն յետոյ Պաքուն պատրաստ է «բանակցութիւններ վարել ղարաբաղեան խնդիրը շուտափոյթ կարգաւորելու համար»:

Էլմար Մամետեարովը նաեւ ըսած է․- «Մեր հիմնական խնդիրը ատրպէյճանական հողերու՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ եօթ շրջաններու տիրացումն է»:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարի՝ Ատրպէյճանը պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատել հայերու հետ իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելէ յետոյ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment