Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Զգուշացուցած է Իսրայէլը՝ Կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագծի Հետ

Անգարան Զգուշացուցած է Իսրայէլը՝ Կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագծի Հետ

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարան յայտարարած է՝ Իսրայէլը, ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը վնասէ ինքզինք եւ կասկածի տակ կը դնէ Հոլոքոսթի յատուկ կարգավիճակը:

«Մենք կը կարծենք, որ Իսրայէլը, 1915 թուականի իրադարձութիւնները հաւասարեցնելով Հոլոքոսթին, առաջին հերթին կը վնասէ ինքզինք»,- ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Համի Աքսոյը, արձագանգելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի նախագիծը Իսրայէլի Քնեսեթի օրակարգի մէջ ընդգրկելու որոշման:

Իսրայէլցի պատգամաւորները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին հերթական անգամ խօսած են թուրք-իսրայէլական նոր դիւանագիտական ճգնաժամի կապակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment