Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Ստուգում կը Կատարէ Հանրային Հեռուստաընկերութեան Մէջ Չարաշահումներու Վերաբերեալ

Դատախազութիւնը Ստուգում կը Կատարէ Հանրային Հեռուստաընկերութեան Մէջ Չարաշահումներու Վերաբերեալ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ չարաշահումներու վերաբերեալ «hetq.am» լրատուական կայքի հրապարակումները: «Դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէ լիարժէք եւ համակողմանի ուսումնասիրութիւն իրականացնելու, անոնցմով ներկայացուած փաստերուն քրէաիրաւական գնահատականներ տալու անհրաժեշտութենէն ելլելով՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն պահանջուած են նիւթական ելեւմուտքային վերահսկողութեան տեսչութեան կողմէ «Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութիւն» ՓԲ ընկերութեան մէջ իրականացուած ստուգման փաստաթղթային հիմքերը, որոնք դեռեւս չեն ստացուած»,- նշուած է ԳԴ հաղորդագրութեան մէջ:

17 Մայիսին հրապարակուած յօդուածի մէջ «Հետքը» գրած էր՝ տնտեսութեան նախարարութեան Հայաստանի ելեւմուտքի կատարման նկատմամբ հսկողութեան՝ 2017 թուականի արդիւնքներու վերաբերեալ հաշուետուութենէն պարզ դարձած է, որ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան յատկացուող գումարները ծախսուած են խախտումներով․ աւելի քան 2 միլիառ դրամի խախտման փաստ արձանագրուած է։

Իսկ 23 Մայիսին հրապարակած՝ «Հանրային հեռուստաընկերութիւնը Ռուբէն Ջաղինեանի փողերու լուացքատունն է» վերնագրով յօդուածի մէջ «Հետքը», մասնաւորապէս, գրած էր․ «Հանրային հեռուստաընկերութեան ելեւմուտքի մօտ 75 տոկոսը փոխանցուած էր «Շարմ հոլտինկ» ընկերութեան, այս ընկերութենէն գումարի մասը մը կ’երթար այլ մէկ ընկերութեան` տեխնիկա վարձակալելու համար։ «Շարմ հոլտինկ»-ի սեփականատէրերն են Ռուբէն Ջաղինեանը (50 տոկոս), Հրանդ Թոխատեանը (25 տոկոս), Կարէն Ղազարեանը (25 տոկոս)»։

Գլխաւոր դատախազութենէն նաեւ յայտնած են, որ դիմած են «Հետքին»՝ խնդրելով տրամադրել չարաշահումներու փաստերու վերաբերեալ «իրենց յայտնի ամբողջական տեղեկատուութիւնը՝ նաեւ անով, օրէնքով սահմանուած կարգով, իրաւական գնահատական տալու նպատակով անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment