Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Պատրաստ Չէ Հրաժարական Տալու

Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Պատրաստ Չէ Հրաժարական Տալու

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը երբեք չի համագործակցիր որեւէ քաղաքական ուժի հետ, Սահմանադրական դատարանը կ’իրականացնէ իր գործառոյթները: Այս մասին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի ընդմիջման լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը՝ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համագործակցութեան մասին լրատուամիջոցներու հնչեցուցած հարցին:

Լրագրողներու հարցին, թէ Հրայր Թովմասեանի հեղինակած Սահմանադրութեան որպէս արդիւնք չէ՞ր, որ ապրիլին Հայաստանը նման իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ, ան նշած է, որ այն Սահմանադրութիւնը, որու մշակման ինքը մասնակցած է, արժանացած է ե’ւ հայաստանեան, ե’ւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու բարձր գնահատականին, այս ժամանակահատուածին որեւէ խնդիր չէ առաջացած: Հայաստանի մէջ չկայ սահմանադրական փակուղի»,- ըսած է Հրայր Թովմասեանը։

Սահմանադրական դատարանի նախագահը նշած է, որ պատրաստ չէ հրաժարական տալու: Ան խօսած է նաեւ Սահմանադրական դատարանի կազմի մէջ Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութեան մասին:

Հրայր Թովմասեանը լրագրողներուն յորդորեց իրեն քաղաքական բաղադրիչ պարունակող հարցեր չտալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment