Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Յըլտըրըմը անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, Յըլտըրըմ ըսած է. «Ի հարկէ տեսնենք, եթէ Հայաստանը հրաժարի տարիներ շարունակ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական դիրքորոշումէն, Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու նկատմամբ սխալ դիրքորոշումէն, եթէ հրաժարի ամէն ինչէն, փափաքի նոր էջ բանալ, մենք ալ, մանրամասները ուսումնասիրելով, համարժէք որոշում կը կայացնենք: Մենք չենք փափաքիր ոեւէ մէկուն, յատկապէս մեր հարեւաններու հետ թշնամութիւն ունենալ: Եթէ այդպիսի մօտեցում ըլլայ, բնականաբար մեր պետութեան շահերուն համար կը քննարկենք այն»: