Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաւապաշտպանները Դժգոհ են Օսիպեանի Ոստիկանապետ Նշանակումով

Իրաւապաշտպանները Դժգոհ են Օսիպեանի Ոստիկանապետ Նշանակումով

by MassisPost

«Ոստիկանապետի պաշտօնին Վալերի Օսիպեանի նշանակումը խայտառակ որոշում էր», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշած է իրաւապաշտպան, Հելսինքեան քաղաքացիական խումբի Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցը՝ շեշտելով, որ չի կրնար Փաշինեանի այս որոշումը դիտարկուիլ իբրեւ Հայաստանի մէջ անպատժելիութեան համակարգը վերացնելու ուղղութեամբ քայլ:

Իրաւապաշտպանը թուարկած է ոստիկանական այն գործողութիւնները, որոնք անցնող տասը տարիներու ընթացքին ղեկավարած է նոյն Օսիպեանը՝ ցուցարարներուն նաեւ ապօրինի ձերբակալելով։

Արթուր Սաքունցը ըսած է՝ Օսիպեանի հետ կապուած նիւթերու հիման վրայ կը պատրաստուի իր քայլը կատարել, քանի որ, ըստ անոր, մարդու իրաւունքները վտանգող գործօնները չեն կրնար ունենալ քաղաքական նպատակայարմարութիւններ, թէ խօսքը ի՞նչ քայլի մասին է, Սաքունցը չէ հրապարակած:

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեանը նոյնպէս նշած է՝ Օսիպեանը ոստիկանապետի պաշտօնին նշանակելը անյաջող որոշում էր, հանրութեան դժգոհութիւնը այս առումով տեղին է եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը իրաւունք ունի բարձրաձայնել իր մտահոգութիւնները։

Վալերի Օսիպեանի նշանակումին համար դժգոհութիւն յայտնած է նաեւ Կիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը, որ «Մերժիր Սերժիր» նախաձեռնութեան ժամանակ միացած էր համաժողովրդական շարժումին: Ան ըսած է.
«Միւս կողմից համարում եմ, որ գուցէ Նիկոլը որոշել է Օսիպեանի միջոցով հենց մաքրել տալ այն համակարգը, որտեղ երկար տարիներ ծառայել է եւ եղել է ենթակայ»:

Իրաւապաշտպանները մտահոգութիւններ ունին նաեւ ԱԱԾ տնօրէնի նշանակման հետ կապուած:
Իրաւապաշտպանները նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցով լուրջ դժգոհութիւններ յայտնած են, ոչ միայն Օսիպեանը ոստիկանապետի պաշտօնին նշանակելու համար, այլեւ՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետի պաշտօնին 38-ամեայ Արթուր Վանեցեանի նշանակման համար, ըստ մամուլի, անոր ընտանիքին կը պատկանին շարք մը առեւտրային գործարքներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment