Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տիգրան Բալայեան․ Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարը կը Ստէ

Տիգրան Բալայեան․ Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարը կը Ստէ

by MassisPost

«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պարզապէս կը ստէ», – յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը՝ «Արմէնբրէս» լրատուական գործակալութեան խնդրանքով մեկնաբանելով Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը, թէ իբր հայ-թրքական արձանագրութիւնները ստորագրուած են որոշակի նախապայմաններով։

«Եթէ նոյն տրամաբանութեամբ շարժուենք, ապա կարող ենք յայտարարել, թէ արձանագրութիւնների բանակցման ընթացքում Թուրքիան խոստացել է, որ ճանաչելու է Արցախի անկախութիւնը», – Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ ըսած է Բալայեանը:

«Կրկին յիշեցնենք, որ բանակցութիւնները 2008 թուականին մեկնարկեցին թուրքական կողմի հետ հենց այն փոխադարձ համաձայնութեամբ, որ այդ գործընթացը չի կարող ունենալ որեւիցէ նախապայման։ Այս համաձայնութեան հիման վրայ ընթացան բանակցութիւնները եւ ստորագրուեցին ցիւրիխեան արձանագրութիւնները։ Նախապայմանների բացակայութեան մասին բազմիցս են յայտարարել գործընթացին լաւատեղեակ տարբեր մայրաքաղաքներից», – ընդգծած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 20 Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ մասնաւորապէս յայտարարած է․ – «Անգարան Երեւանի հետ զիւրիխեան արձանագրութիւնները ստորագրել է որոշակի պայմաններով. Հայաստանը պէտք է լքի գրաւուած տարածքները, ինչից յետոյ մենք կարգաւորում ենք մեր կապերը՝ սա էր հիմնական պայմանը»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը երեք ամիս առաջ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ 10 Հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրուած զիւրիխեան արձանագրութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն պաշտօնական Երեւանը եկող տարուայ գարնան արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment