Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլ Եւ Թուրքիա` Բնական Դաշնակիցներ

Իսրայէլ Եւ Թուրքիա` Բնական Դաշնակիցներ

by MassisPost

Ամէն անգամ երբ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները   երեւոյթապէս վատթարացման նշաններ ցոյց կու տան եւ տագնապի տպաւորութիւն կը ստեղծեն, Իսրայէլի մէջ ձայներ կը բարձրանան` պահանջելով  Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփի  վերջին որոշումը` Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք  ճանչնալու եւ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատունը Թէլ Աւիվէն Երուսաղէմ փոխադրելու կապակցութեան, միջազգային բողոքի ալիք յառաջացուց:  Ամենէն աւելի աղմկողներէն  մէկը հանդիսացաւ Թուրքիոյ  նախագահ Էրտողանը, որ սպառնաց  խզել Իսրայէլի  հետ  յարաբերութիւնները  ինչպէս որ  խոստացած էր ընել ասկէ   առաջ բազմաթիւ անգամներ` առանց գործնականացնելու զայն:

Վերջին  օրերուն Իսրայէլի մէջ  դարձեալ կոչեր  եղան` Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Խորհրդարանի օրակարգին վրայ դնելու պահանջով:

Հակազդելով, շատ բացայայտ կեցուածք մը ունեցաւ  Իսրայէլի պաշտպանութեան  նախարար  Ավիկտոր Լիպերման  եւ  զգուշացուց նման կոչեր ընողներուն:  Ան յստակ դարձուց որ,  Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները  այնքան  խոր արմատներ ունին, որ չեն  կրնար որեւէ  պարագայի  տակ վտանգուիլ: Որպէս  ծայրայեղ աջակողմեան ճանչցուած Լիպըրման հերթական անգամ կասկածի տակ  դնելով Ցեղասպանութեան փաստը ըսաւ, թէ անթոյլատրելի է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ` ի հեճուկս Թուրքիայի: «Ես չեմ կարծեր, որ այդ հարցը, որը հիմնականին  մէջ պատմական,  վիճելի եւ տեսական է, ընդունելի է շահարկել»: Ան նաեւ  չմոռցաւ յիշեցնելու, թէ  նման  որոշումի պարագային  կը վտանգուին նաեւ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ, «իսկ այդ յարաբերութիւնները Իսրայէլի համար գերակայ են», շեշտեց նախարարը:

Այսպիսով, Լիպերման յստակ դարձուց  որ,  պէտք չէ յոյս փայփայել Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան  ճանաչման  գծով, որքան որ այլ ծանրանան  Թուրքիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի այս   անկեղծ խոստովանութենէն ետք, Հայաստանն  ու  հայութիւնը իրենք  եւս   պէտք  չէ յոյսեր կապեն Իսրայէլի  հետ յարաբերութիւնները  սերտացնելու  առումով: Իսրայէլ եւ  Թուրքիա  պատմականօրէն եղած են ու կը մնան բնական դաշնակիցներ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment