Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան Փարիզի մէջ Հանդիպած է ֆրանսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նալպանտեան Փարիզի մէջ Հանդիպած է ֆրանսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

ՀՀ Արտաքին Գործոց  նախարարութեան  մամլոյ վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուցած է Ֆրանսա իր այցելութեան նպատակները եւ օրակարգը, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Նախարարը հանգամանալից անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն, հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն:

Էտուարտ Նալպանտեան Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է  Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով նախատեսուած համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

ԱԳՆ ղեկավարը հանդիպման մասնակիցներուն ծանօթացուցած է միջազգային ու տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն:

Էտուարտ Նալպանտեան անդրադարձած է Վիեննայի մէջ կայացած ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի արդիւնքներուն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան:

Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած էր Երեւանի մէջ յաջորդ տարի կայանալիք ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment