Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ յայտնի մտաւորականներ Ալի Պայրամօղլուի, Ուֆուք Ուրասի, Էրոլ Քաթըրճըօղլուի եւ Սաիթ Չեթինօղլուի դէմ հետաքննութիւն սկսած է Արցախ այցելութեան համար:
Մտաւորականները Արցախ այցելած էին Սեպտեմբերին, ինչէն ետք Ատրպէյճանը «երկրի տարածքը ապօրինի հատելու» մեղադրանքով անոնց նկատմամբ հետախուզում յայտարարած էր:
«Ակօս» շաբաթաթերթի համաձայն, մտաւորականները յայտարարութիւն տարածած են՝ հերքելով Չաւուշօղլուի խօսքերը, թէ Թուրքիոյ մէջ իրենց նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է. «Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ սկսած հետաքննութեան ծիրէն ներս մենք պատասխանած ենք միջազգային համաձայնագիրներով Արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցուած հարցերուն, ինչպէս որ պահանջած է ընթացակարգը: Անկէ զատ ղարաբաղեան այցի հարցով Թուրքիոյ մէջ մեր նկատմամբ որեւէ հետաքննութիւն չէ եղած, հետապնդում չէ իրականացուած»:
Ինչ կը վերաբերի այն լուրերուն, թէ Չաւուշօղլուն մտաւորականներէն պահանջած է ներողութիւն խնդրել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն Արցախ այցելելու համար, մտաւորականները հետեւեալ կերպ արձագանգած են.
«Նախարարի (Չաւուշօղլու) հետ կապ հաստատեցինք՝ պահանջելով, որ պետութիւնը պաշտպանէ մեր իրաւունքները ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ մեզ ձերբակալելու նախաձեռնութեան: Անոր (Չաւուշօղլու) ցանկութեամբ՝ Ալիեւին նամակ գրեցինք՝ ներկայացնելով մեր այցի նպատակը եւ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ մեր անհանգստութիւնը: Այդ նամակին մէջ «ափսոսանք», «ներողութիւն» բառերը ներառելու նախարարի յորդորներուն տուրք չենք տուած»:
Մտաւորականները համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծած են, որ իրենք գիտնականներ եւ լրագրողներ են, որոնք հակամարտութիւններու լուծման թեմայով աշխարհի տարբեր հակամարտութեան գօտիներ այցելած են: Իսկ ղարաբաղեան այցելութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստան-Ատրպէյճան տարաձայնութիւններու եւ Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակի հետ:
Ալի Պայրամօղլուն թեմայի վերաբերեալ նաեւ մեկնաբանութիւն տուած է «Ակօս»-ին՝ կրկնելով, որ իրենց նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ որեւէ հետաքննութիւն չէ սկսած: Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ օրէնսդրութեամբ այդ մէկը նաեւ անհնար է, քանի որ արտասահմանի մէջ կատարուած խախտումներու պարագային, որոնք կը պահանջեն մինչեւ մէկ տարի ազատազրկում կամ 1000 թրքական լիրայի չափով տուգանք, ինչպէս օրինակ ապօրինի սահման անցնիլն է, Թուրքիոյ օրէնքներով որեւէ իրաւական գործընթաց չի նախատեսուիր: Բացի այդ, ինչպէս նկատած է Պայրամօղլուն, չկայ որեւէ երկիր, ուր Թուրքիան կ’արգիլէ այցելել:
«Պետութենէն կ’ակնկալենք, որ երկրէն դուրս մեր դէմ յարուցուած գաղափարական հետաքննութիւններու դէմ պաշտպանէ մեր իրաւունքները: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այս հարցի կապակցութեամբ ոչինչ կ’ընէ: Անգամ հակառակը կ’ընէ, ինչը մտահոգիչ է»,-աւելցուցած է Պայրամօղլուն: