Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արձագանգը Երուսաղեմի Շուրջ Զարգացումներուն

Հայաստանի Արձագանգը Երուսաղեմի Շուրջ Զարգացումներուն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան մեկնաբանութիւն տարածած է Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութենէն կը հաղորդեն, որ նախարարին մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցով` իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան կողմերու համար ընդունելի կարգաւորման շրջագիծին մէջ: Ատիկա կրնայ ճանապարհ հարթել տեւական անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար:

«Երուսաղէմի մէջ առկայ է բազմադարեայ հայկական ներկայութիւն, հարուստ հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկը: Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմին առնչուող բոլոր զարգացումներուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment