Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նալպանտեան եւ Մամետեարով Հանդիպումը «Դրական եւ Կառուցողական»

Նալպանտեան եւ Մամետեարով Հանդիպումը «Դրական եւ Կառուցողական»

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց գործնախարար Էլմար Մամետեարովի գնահատմամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպումը Վիեննայի մէջ «անցած է դրական եւ կառուցողական»: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը:

APA լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Հիքմէթ Հաճիեւը յայտնած է, որ «բանակցութիւններու ընթացքին կայացած են կեդրոնացուած եւ յստակ քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ առկայ առաջարկներու շուրջ», պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու նախարարներուն յաջորդ հանդիպումը 2018 թուականի Յունուարի երկրորդ կէսին իրականացնելու մասին:

Նշենք, որ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ, ապա միջնորդներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է անոնց հանդիպումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ տեղի ունեցած է նաեւ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի առանձնազրոյցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment