Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պաքուի մէջ ԱՄՆ Նախկին Դեսպան.- Մակնիթսքիի Օրէնքը Պէտք է Կիրառել Ատրպէյճանի Նկատմամբ

Պաքուի մէջ ԱՄՆ Նախկին Դեսպան.- Մակնիթսքիի Օրէնքը Պէտք է Կիրառել Ատրպէյճանի Նկատմամբ

by MassisPost

«Թրամբի վարչակազմը պէտք է օգտագործէ Մակնիթսքիի օրէնքը Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ կաշառակերութեան համար», – «American Interest» պարբերականին մէջ գրած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քոզլարիչ:

Ամերիկացի դիւանագէտը ծաւալուն յօդուածի մէջ մանրամասն նկարագրած է վերջին շրջանին Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու, Ալիեւի ռեժիմի ընդդիմախօսներու նկատմամբ իրականացուող ճնշումները եւ կոչ ուղղած ԱՄՆ Քոնկրէսին ընդունելու Սմիթի եւ Մըք Կաւըրնի օրինագիծն ու մեծ լսումներ կազմակերպելու Ատրպէյճանի հարցով:

1994-1997 թուականներուն Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած Քոզլարիչ, որ յաճախ տարբեր ամպիոններէ կը քննադատէ ատրպէյճանական իշխող ընտանիքը, ամերիկացի օրէնսդիրներուն կոչ ուղղած է պատժամիջոցներ սահմանելու, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի ոստիկաններուն, դատաւորներուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն նկատմամբ:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որ արդէն ամերիկեան Քոնկրէսի օրակարգին մէջ է, հեղինակած են հանրապետական Քրիսթոֆըր Սմիթ եւ Մակնիթսքիի յայտնի օրէնքի հեղինակ դեմոկրատ Ճիմ Մըք Կաւըրն: Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկել մարդու իրաւունքներու չդադրող ոտնահարումներուն մէջ մեղքի իրենց բաժին ունեցող ատրպէյճանցի պաշտօնեաները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment