Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսական Բանտի Մէջ Մահացած է Լեւոն Հայրապետեան

Ռուսական Բանտի Մէջ Մահացած է Լեւոն Հայրապետեան

by MassisPost

Ռուսական բանտի մէջ մահացած է գործարար եւ բարեգործ Լեւոն Հայրապետեան։  Ան  մահացած է 18 Հոկտեմբերին, 68 տարեկան հասակին։

Գործարարը մեծ աւանդ ունեցած է Արցախի զարգացման եւ բարեկարգման գործին մէջ։ Անոր միջոցներով ծրագիրներ իրականացուած են Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ, վերանորոգուած է Գանձասարի վանական համալիրը։

Կեանքի վերջին տարիները Հայրապետեան դատական հետապնդումներու ենթարկուած է։ Գործարարը  դատապարտուած է չորս տարուայ ազատազրկման ընդհանուր ռեժիմի գաղութին մէջ,  նախկին սենատոր Իկոր Իզմեսթիեւի մօրմէն 700 հազար տոլար կորզելու մեղադրանքով։

Լեւոն Հայրապետեան 2016 թուականին տեղափոխուած էր Մորտովիոյ բանտ, որ կը համարուի Ռուսիոյ ամենասարսափելի բանտերէն մէկը:

2016 թուականի Ապրիլին գործարարն ազատ արձակելու յայտարարութիւն տարածած էին նաեւ ԼՂՀ ԱԺ խմբակցութիւնները. «Հաշուի առնելով Լեւոն Հայրապետեանի օրէցօր վատթարացող առողջական վիճակը, ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւորական խմբակցութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան իրաւապահ մարմիններին յորդորում են մարդասիրական վերաբերմունքից ելնելով գործող օրէնսդրութեան շրջանակներում վերանայել կալանքի պայմանները, օպիեքթիւ վերաքննութեամբ էապէս մեղմել սահմանուած պատիժը եւ  ազատ արձակել նրան»:

Նշենք, որ Լեւոն Հայրապետեան տարիներ շարունակ Արցախի մէջ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներ, նպաստելով հայրենի երկրի զարգացման: Անոր ծրագիրներն իրագործուած են Ստեփանակերտի, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։ Մասնաւորապէս, Հայրապետեանի միջոցներով 2000-2002 թուականներուն վերակառուցուած է հայկական հռչկաւոր Գանձասարի վանական համալիրը (13-րդ դար), որ ներկայիս Ղարաբաղի ամենաբարեկարգուած սրբավայրերէն մէկն է։  Լեւոն Հայրապետեան իր վրայ վերցուցած էր նաեւ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի այն հատուածի շինարարութեան ծախսերը, որ կ’անցնի Գանձասարի վանական համալիրի շրջակայքէն։

2007 թուականին Լեւոն Հայրապետեան նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է 2,5 միլիոն քառակուսի մեթր տարողութեամբ ջրամբարի կառուցման Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Խաչէն գետին վրայ, տրամադրելով 7 միլիոն տոլար։

Հայրապետեան ձերբակալուած է 2014թ. Յուլիսին, այնուհետեւ անոր նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանք, սակայն 2016 թուականի Ապրիլին ան կրկին կալանաւորուած է եւ կը գտնուէր անազատութեան մէջ:

Անոր փաստաբան Հայկազ Մակարեանը բազմիցս դիմած էր ՀՀ իշխանութիւններուն, որպէսզի քննարկման առարկայ դարձնեն Լեւոն Հայրապետեանի արտայանձնման հարցը:

Լեւոն Հայրապետեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ։ Ան ցանկութիւն յայտնած է յուղարկաւորուիլ ծնողներուն կողքը՝ Մոսկուայի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment