Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նայիրա Զոհրապեան. «Մտավախութիւն Ունիմ, որ ԵՄ-Հայաստան Համաձայնագիրը Թուղթի Վրայ Պիտի Մնայ»

Նայիրա Զոհրապեան. «Մտավախութիւն Ունիմ, որ ԵՄ-Հայաստան Համաձայնագիրը Թուղթի Վրայ Պիտի Մնայ»

by MassisPost

Խորհրդարանի Եւրոպական մերձեցման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրապեան մտավախութիւն ունի, որ Եւրոմիությիւն – Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը թուղթի վրայ պիտի մնայ:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւորը շեշտած է, որ մեծ յոյս ունի, որ Նոյեմբերին Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի, սակայն գլխաւոր հարցն այն է, թէ իշխանութիւնն արդեօք քաղաքական կամք պիտի ունենա՞յ իրականութիւն դարձնելու համար բոլոր այն յանձնառութիւնները, որոնք Հայաստան կը պարտաւորուի այս փաստաթուղթով իրականացնել․ տուեալ պարագային իրական պայքար մղել գոյութիւն ունեցող արատաւոր երեւոյթներուն դէմ, թէ՝ նմանօրինակ գործընթացները պիտի շարունակուին:

«Իմ մտավախութիւնը մէկն է, որ՝ ցաւօք սրտի, փաստաթղթի շատ կարեւոր դրոյթների բարեփոխումը կա՛մ կը դանդաղի, կա՛մ դրանք այդպէս էլ կը մնան թղթի վրայ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է պատգամաւորը, թուարկելով ստուերային տնտեսութեան, մոնոփոլիաներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ ընդունուած օրէնքները, ստեղծուած յանձնաժողովները ու կարծիք յայտնելով, որ «միշտ էլ կարելի է զբաղուել իմիթացիաներով»:

«Կամ, ասում են, ընդունեցինք կեղծ յայտարարագրերի դէմ օրէնք, կամ ապօրինի հարստացման դէմ օրէնք: Իսկ այդ օրէնքը, որ արդէն ընդունուած է, ես ուզում եմ իմանալ՝ այսօրուայ դրութեամբ ինչ-որ մէկը պատժուե՞լ է ապօրինի հարստացած», – շարունակած է պատգամաւորը: – «Բացէք մեր բարձրաստիճան պաշտօնեաների յայտարարագրերը, նայէք իրենց տէ ֆաքթօ ապրելակերպը, տէ ֆաքթօ իրենց ունեցուածքը եւ համեմատէք տէ իւրէ յայտարարագրուածի հետ: Հիմա այդ կեղծ յայտարարագրուածի համար ինչ-որ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկուե՞լ է: Ոչ՛», – շարունակած է Նայիրա Զոհրապեան:

Խորհրդարանի Եւրոպական մերձեցման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրապեան շեշտած է, որ եթէ գոնէ մէկ անգամ իշխանութիւնը խօսքէ գործի անցնի եւ իրականացուին համաձայնագիրին մէջ ընդգրկուած քաղաքական, տնտեսական, իրաւական, հարկային բարեփոխումները, որոնք Հայաստանին պէտք են, այդ ժամանակ պիտի ունենանք որակապէս նոր երկիր:

«Դրա մասին շատ ուղղակի, բաց թեքսթով ասում է Հայաստանում Եւրոպական միութեան դեսպան Փիոթր Սուիտալսքին, որ՝ արտօնութիւններ կը լինեն իրական բարեփոխումների դիմաց: Այո՛, Եւրոպական միութիւնը մեզ համար պանքոմաթ չէ, որ քարտը մտցնէք, եւ ասէք՝ գումարը տուէք՝ մենք կ’անենք այս բարեփոխումները: Այսինքն, լինելու է քոնքրէթ աջակցութիւն՝ քոնքրէթ կատարուած քայլի, իրական բարեփոխման դիմաց», – նշած է Զոհրապեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment