Թուրքիոյ խորհրդարանի կանոնակարգին մէջ անակնկալ դրոյթներ յայտնուած են. մասնաւորապէս, պատգամաւորներն այսուհետեւ կրնան տուգանուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար, կը հաղորդէ թրքական «Հուրրիէթ»ը։
Ըստ այդմ, նշուած է, որ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան եւ դաշնային «Ազգային Շարժում» կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած է երկրի խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու վարքի, նիստերու կանոնակարգի ու արտաքին տեսքի հետ կապուած փոփոխութիւններու փաթեթ:
Անոնց շարքին կայ նաեւ թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիա ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու պարագային պատժամիջոցներ կիրառելու դրոյթները: Մասնաւորապէս, նման պարագայի պատգամաւորները կրնան նիստերէն հեռացուիլ եւ զրկուիլ աշխատավարձի 2/3-էն:
«Այս դրոյթը կը թիրախաւորէ նոյն 1915 թուականի իրադարձութիւնները «Ցեղասպանութիւն» կոչելու պատգամաւորներու փորձերը»,- նշած է թերթը: