Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Rights Watch՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն Մասին. «Ոչինչ Կրնայ Արդարացնել Ֆիզիկական Բռնութիւնը Մեղադրեալներու Նկատմամբ»

Human Rights Watch՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն Մասին. «Ոչինչ Կրնայ Արդարացնել Ֆիզիկական Բռնութիւնը Մեղադրեալներու Նկատմամբ»

by MassisPost

Ծանր յանցագործութեան մէջ մեղադրուող հայկական ընդդիմութեան 4 անդամներ մեղադրած են ոստիկանները  մեկուսարանին մէջ զիրենք ծեծի ենթարկելու մէջ: Իշխանութիւնները պարտաւոր են իրականացնել արագ, մանրակրկիտ եւ արդիւնաւէտ քննութիւն եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները: Այս մասին ըսուած է «Human Rights Watch» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Դատապարտեալները տարբեր վնասուածքներ ու կապտուկներ ստացած են իրենց դէմքին, գլխուն, որովայնին, մէջքին եւ ոտքերուն:

«Մեղադրեալներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքը խստօրէն արգիլուած է որեւէ պարագայի. այս պարզ է, եւ անկախ այն բանէն, թէ այդ մարդիկ ինչ յանցագործութիւն գործած են կամ ինչի մէջ կը մեղադրուին, ոչինչ կրնայ արդարացնել ֆիզիկական բռնութիւնը մեղադրեալներուն նկատմամբ»,-  ըսած է կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով ղեկավար Կիորկի Կոկիա, աւելցնելով, որ իշխանութիւնները յստակ արտայայտուած պարտաւորութիւն ունին՝ արագ եւ խոր քննութիւն իրականացնելու եւ պատասխանատուները բերելու արդարադատութեան դաշտ:

28 Յունիսին Երեւանի Նուպարաշէն համայնքի դատարանին մէջ ոստիկանութեան աշխատակիցը թոյլ չէ տուած մեղադրեալներէն մէկուն՝ Արեգ Կիւրեղեանին նամակ յանձնել իր փաստաբանին: Կիւրեղեան եւ միւս մեղադրեալները բողոքած են անոր դէմ, եւ վէճ սկսած է ոստիկաններու եւ մեղադրեալներու միջեւ: Այնուհետեւ ոստիկանութիւնը Կիւրեղեանն ու երկու այլ մեղադրեալներ՝ Մխիթար Աւետիսեանն ու Սմբատ Բարսեղեանը հեռացուցած է դատարանի դահլիճէն: Աւելի ուշ Կիւրեղեանի, Աւետիսեանի եւ միւս երկու մեղադրեալներու՝ Արայիկ Խանդոյեանի եւ Գագիկ Եղիազարեանի փաստաբանները յայտնած են, որ ոստիկանները զանոնք դաժան ծեծի ենթարկած են:

3 Յուլիսին Հայաստանի Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը քննութիւն սկսած է՝ ոստիկաններուն մեղաւորութիւնը պարզելու համար, այնուամենայնիւ, կասկածեալ ոստիկանները տակաւին կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Դրական է, որ իշխանութիւնները քննութիւն սկսած են միջադէպին հետ կապուած,- ըսած է Կոկիա,- բայց վստահելի ըլլալու համար, քննութիւնը պէտք է արդիւնաւէտ ըլլայ, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ այն պէտք է ըլլայ խոր, անկողմնակալ, կարողանայ գտնել բռնութիւն իրագործած ոստիկանները եւ զանոնք բերել արդարադատութեան դաշտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment