Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Ղեկավարութիւնը կը Կրէ իր Սադրանքներու Պատասխանատուութիւնը․ Նալպանտեան

Ատրպէյճանի Ղեկավարութիւնը կը Կրէ իր Սադրանքներու Պատասխանատուութիւնը․ Նալպանտեան

by MassisPost

«Քանի դեռ Ատրպէյճան չի կատարեր 1994-1995թթ. զինադադարի եռակողմ համաձայնագրերով ստանձնած իր միջազգային պարտաւորութիւնները, կը հրաժարի իրականացնել Վիեննայի եւ Սանկտ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, յատկապէս զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեխանիզմի ստեղծման վերաբերեալ, որ կրնայ նաեւ կանխարգելման մեխանիզմ հանդիսանալ, ուրեմն նոյն ինք Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը կրէ իր սադրանքներու հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը»,- Քիշնեւի մէջ յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը:

«Կրկին Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները, չարաշահելով այս հարթակը, օրակարգի թեմայի՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում համագործակցութեան մասին խօսելու փոխարէն հանդէս են գալիս սադրիչ յայտարարութիւններով»,- այս մասին Քիշնեւի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան: Վերջինս Մոլտովայի մէջ կը մասնակցէր Արեւելեան գործընկերութեան Արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման:

«Անվտանգութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ վտանգուած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապատկերին մէջ Ատրպէյճանէն մշտապէս հնչող ուժի կիրառման սպառնալիքներուն պատճառով: 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճան լայնածաւալ ներթափանցում սանձազերծեց Արցախի դէմ, որ ուղեկցուեցաւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով, քաղաքացիական բնակչութեան, ներառեալ երեխաներու, կիներու եւ ծերերու նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններով, զոհուածներու մարմիններու խոշտանգումներով, «Տահէշ»ի ոճով գլխատումներով։

4 Յուլիսին Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կրկին, տխրահռչակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ոճով, ինչպէս շատ անգամ անկէ առաջ, իր ժողովուրդը որպէս կենդանի վահան օգտագործեց` Լեռնային Ղարաբաղը ծանր հրետանիով, ներառեալ «TR-107» համազարկային հրթիռային համակարգով ռմբակոծելու համար։ Ի պատասխան, ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակը ստիպուած էր ատրպէյճանական կողմի ներթափանցման գործողութիւններուն դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմել։

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութիւնն օրերս տեղեկացուցած էր, որ 4 Յուլիսին շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ ատրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ կիրառելով «TR-107» տիպի համազարկային հրթիռային կայանքներ:

Աւելի ուշ «ՊԲ»ը տեղեկացուց, որ հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ստիպուած եղած են ձեռնարկել պատասխան գործողութիւններ, որուն հետեւանքով վնաս  հասցուած է Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտին, հակառակորդն ունի կորուստներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment