Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռիչարտ Հոկլանտ «Մինսքի Խումբը Չի Յանձնուիր եւ Կայուն Խաղաղութեան Ուղիներ կը Փնտռէ»

Ռիչարտ Հոկլանտ «Մինսքի Խումբը Չի Յանձնուիր եւ Կայուն Խաղաղութեան Ուղիներ կը Փնտռէ»

by MassisPost

Մինսքի խումբը չի յանձնուիր եւ կայուն խաղաղութեան ուղիներ կը փնտռէ։ Այս մասին Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչարտ Հոկլանտը՝ ելոյթ ունենալով Atlantic Council վերլուծական կեդրոնի հարթակէն կազմակերպուած «Հայ-Ատրպէյճանական հակամարտութեան միջազգային քաղաքականութիւնը» համաժողովին։

Խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի մասին՝ ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ խնդիրը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ այսօր հայերու եւ ատրպէյճանցիներու երիտասարդ սերունդը իրար հետ շփում չունի եւ համապատասխանաբար չունի վստահութիւն իրար նկատմամբ։

Հոկլանտ ընդգծած է, որ Մինսքի խումբը կը հիմնուի երեք հիմնարար սկզբունքներու վրայ՝ ուժի   անկիրառելիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment