Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Վստահ է, որ իր Յառաջիկայ Այցը ԱՄՆ «Շրջադարձային» կը Դառնան

Էրտողանը Վստահ է, որ իր Յառաջիկայ Այցը ԱՄՆ «Շրջադարձային» կը Դառնան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը վստահութիւն յայտնած է, թէ ԱՄՆ սպասուող իր յառաջիկայ այցը նոր սկիզբ պիտի դնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար։

Թուրքիան զայրացած է սուրիացի քիւրտերը զինելու՝ ԱՄՆ-ի մտադրութենէն։ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարող քրտական ջոկատներուն Անգարան ահաբեկչական խմբաւորում կը համարէ։

Էրտողանը յոյս յայտնած է, թէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած են 16-17 Մայիսին, «շրջադարձային» կը դառնան ԱՄՆ-ի որոշման համար։

Այսօր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ պիտի բարձրացնէ նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող իսլամական գործիչ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման հարցը։

Թրքական իշխանութիւններու պնդմամբ, Կիւլէնը կանգնած է անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուած յեղաշրջման ետին։ Կիւլէնը, սակայն, կը հերքէ իր առնչութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment